
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, տնտեսագէտ, բնապահպանութեան նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեան «Երեւան Թուտէյ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ամուլսարի գործով առարկայական ու անկախ փորձաքննութիւնը պէտք է այս հարցին սպառիչ պատասխան տայ, բայց եւ այնպէս ան մտահոգիչ նկատեց այդ փորձաքննութեան ժամկէտներու ձգձգումը, ինչ որ վատ է:
«Ամէն անցնող օր բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկրի ներդրումային վիճակին վրայ. իմ ուսումնասիրած շրջանիս մենք չենք յայտնաբերած որեւէ այնպիսի օրէնսդրական խախտում, որ հիմք կու տար չեղեալ յայտարարելու եզրակացութիւնը, բայց չի նշանակեր, թէ իտէալական էր ամէն ինչ», դիտել տուաւ ան:
Արծուիկ Մինասեանի համաձայն, փորձ կը կատարուի տնտեսական զարգացումը անպայման հակադրել բնապահպանութեան հետ, մինչ հիմնական նպատակ պէտք է ըլլայ շահերու համադրումը, ոչ թէ հակադրումը: «Ամուլսարը ասոր լաւ օրինակներէն մէկն է, որ կրնայ ծառայել համադրումի, ոչ թէ հակադրումի: Ամէն ինչ պէտք չէ բացառման սկզբունքով տանիլ», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով տնտեսագէտ, վարչապետի խորհրդական Արտակ Մանուկեանի տեսակէտին, թէ մինչեւ գարուն պիտի լուծուի փորձաքննութեան հարցը` Արծուիկ Մինասեան արձագանգեց, որ շատ ուշ է: «Մենք երկու ծայրայեղութեան մէջ ենք. մէկ անխնայ կը շահագործենք հանքերը, մէկ ալ կ՛ըսենք` վերջ, այլեւս պիտի չշահագործենք: Բացարձակ ճշմարտութիւն է` բնութիւնը պէտք է օգտագործուի, ընդերքը պէտք է օգտագործուի, բայց` չափի մէջ»:


