Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սվիթալսքի Հրաժեշտի Հանդիպում Տուաւ Վարչապետ Փաշինեանին

August 22, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքին, որ կ՛աւարտէ դիւանագիտական իր առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ  վարչապետը բարձր գնահատած է դեսպան Սվիթալսքիի դիւանագիտական գործունէութիւնը Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ եւ կարեւոր նկատած անոր աշխուժ ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական հոլովոյթներուն մէջ: «Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել պաշտօնավարման ընթացքին ձեր կատարած աշխատանքին եւ Հայաստանի բարեփոխումներու հոլովոյթին նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան համար, ինչ որ շատ կարեւոր էր եւ արդիւնաւէտ: Մենք ձեզ կը նկատենք Հայաստանի, Հայաստանի ժողովրդավարութեան, Հայաստանի կառավարութեան եւ հայ ժողովուրդի բարեկամը: Յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները նշանակալի օրակարգ ունին. Եւրոպական Միութիւնը յուսալի եւ կարեւոր գործընկեր է Հայաստանի համար, մեր բարեփոխումներուն համար, եւ վստահ եմ, որ երկկողմանի գործակցութիւնը հետզհետէ աւելի արդիւնաւէտ պիտի դառնայ», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետ Փաշինեանին բարձր գնահատականին համար եւ նշած, որ իրեն համար մեծ պատիւ էր Հայաստանի մէջ դիւանագիտական ծառայութիւն իրականացնելը: «Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանի կարգավիճակով պաշտօնավարումը կարեւոր փորձառութիւն էր`  թէ՛ մասնագիտական, թէ՛ անձնական առումով: Եւրոպական Միութեան համար նոյնպէս  Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը արդիւնաւէտ է եւ կարեւոր, եւ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ օժանդակել Հայաստանին` յառաջանալու, բարեփոխումները յաջողցնելու գործին մէջ», նշած է Փիոթր Սվիթալսքի:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան օրակարգին շուրջ, անդրադարձած ժողովրդային շարժումէն ետք երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքին, միացեալ ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն:

 

 

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Հայաստանի Մէջ Գիտութեանց Դասաւանդման Նպատակով 140 Միլիոն Տոլարի Աջակցութեան Կոչը Կը Կրկնէ

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեան Հանդիպում Ունեցաւ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.