ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան Արցախ կատարեց միօրեայ այցելութիւն մը, որուն ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ներկազմակերպական շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք պատասխանելով Արցախի պետական շրջանակներու հետ հաւանական հանդիպումներու վերաբերող «Ապառաժ»-ի հարցումին` Ռուստամեան ըսաւ, թէ այս այցելութեան ընթացքին նման օրակարգ չկար:



