Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Լեռնալիբանան Գտնուելուս Նպատակն Է Մտահոգութիւնները Փարատել Եւ Ազգային Միասնականութիւնը Ամրապնդել»

August 21, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը` ընկերակցութեամբ գաղթականներու հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլայի, տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի, ինչպէս նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխաններ Մարիօ Աունի եւ Սեզար Ապի Խալիլի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լեռնալիբանան գտնուելուն նպատակն է մտահոգութիւնները փարատել եւ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդել:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ 13 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը պիտի քուէարկէ Լիբանանը մերձեցման եւ երկխօսութեան մարդու ակադեմիայի վերածելու առաջարկին` աւելցնելով, որ Լիբանան երկու տարիէ ի վեր ամէն ջանք ի գործ կը դնէ այդ առաջարկը վաւերացնելու նպատակով:

Ան նշեց, որ այդ ծրագիրը պիտի ըլլայ խաղաղութեան եւ քաղաքակրթութիւններու ու կրօններու ուսուցման համաշխարհային ծրագիր մը` հաստատելով, որ լիբանանցիները պիտի ըլլան առաջինները, որոնք պիտի անսան այս ակադեմիային հետապնդած նպատակներուն:

Իր կարգին, Արսլան յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահը երկրին միասնականութեան, սահմանադրութեան եւ հաստատութիւններուն խորհրդանիշն է:

Ան մաղթեց, որ ամէն բան ճիշդ հունի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Պաապտայի մէջ նախագահ Աունի հովանաւորած սրտբացութեան եւ հաշտութեան հանդիպումը սկզբնաքայլ մըն է դէպի ամբողջական լուծում:

Արսլան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնն է Լեռնալիբանանի մէջ մշակել ապահովական ծրագիր մը` կանխարգիլելու համար միջադէպերը եւ պաշտպանելու համար կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Նախագահ Աունի այցելեցին նաեւ ֆրանսացի լրագրողներու պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Մեքսիքայի մէջ Լիբանանի դեսպան Սամի Նմէյրը. քննարկուեցան լիբանանեան-մեքսիքական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ ամրապնդելու հեռանկարները:

Նշենք, որ նախագահ Աուն վաղը` հինգշաբթի, 22 օգոստոս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Պէյթէտտինի մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 46 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կը Փափաքինք Կերտել Քաղաքացիական Պետութիւն Մը, Սակայն Մինչ Այդ Պիտի Չզիջինք Հաւասար Ներկայացուցչութեան Իրաւունքէն» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Բացումը Կատարեց Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ընդարձակուած Բաժինին

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.