Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան. «Մեր Խնդիրն Է, Որ Ներդրուած Եւ Ծախսուած Ամէն Դրամի Դիմաց Ստացուի Շատ Արդիւնք»

August 19, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Կոտայքի մարզի Ծաղկաձոր քաղաքին մէջ մասնակցած է «Իմ քայլը յանուն Կոտայքի մարզի» ներդրումային համաժողովին:

Ըստ վարչապետի պաշտօնական կայքին, համաժողովին իր ելոյթի խօսքին մէջ վարչապետ Փաշինեան նշած է. «Այսօրուան մեր հաւաքը առիթ է անգամ մը եւս արձանագրելու համար, որ մենք Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը տեսնենք իսկապէս իբրեւ արդիւնաբերական երկիր»:

«Մեր խնդիրն է, որ ներդրուած եւ ծախսուած ամէն դրամի դիմաց ստացուի շատ արդիւնք` պետական կառավարման համակարգէն սկսեալ մինչեւ կրթութիւն, արհեստագիտութիւն, գիւղատնտեսութիւն, արդիւնաբերութիւն եւ ամէն ինչ, որովհետեւ այս հիմնաւորութիւնն է մեր տնտեսութեան մրցունակութիւնը բարձրացնող միակ ուղին եւ միակ գրաւականը: Կը կարծեմ, որ նաեւ այս կարգի քննարկումները շատ կարեւոր են` այս գաղափարը բոլորիս ուշադրութեան կեդրոնը պահելու եւ այս գաղափարով առաջնորդուելու համար», ըսած է վարչապետը:

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ համաժողովներու այս շարքը շատ կարեւոր է, որովհետեւ տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան մէջ, ինչպէս հանրային կեանքի մնացած բոլոր ոլորտներուն մէջ, շատ կարեւոր է հաղորդակցութիւնը, գաղափարները իրարու հետ կիսելը:

«Անհամբերութեամբ կը սպասենք` ծանօթանալու, թէ ի՛նչ յաջողութիւններ ունին գործարարները Կոտայքի մէջ եւ անհամբերութեամբ կը սպասենք` տեսնելու, թէ ի՛նչ ծրագիրներ ունին գործարարները Կոտայքի մէջ, որպէսզի տեսնենք, թէ կառավարութիւնը ինչո՛վ կրնայ աջակցիլ եւ խթանել այդ ծրագիրները եւ եղած յաջողութիւնները դարձնել աւելի մեծ», նշած է Փաշինեան:

Նոյն աղբիւրին փոխանցումով` համաժողովի ընթացքին ներկայացուած է Կոտայքի մարզի ներդրումային ներուժը. ցուցադրուած է մարզի ներդրումային գրաւչութեան մասին պատմող ժապաւէն մը, ներկայացուած են մարզի յաջողած 10 ձեռնարկութիւններու պատմութիւնները:

Տեղի ունեցած է քննարկում «Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի մարզի արտադրատնտեսական կարելիութիւնները եւ ներդրումներու ներգրաւման հեռանկարները» նիւթով` Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Աւագ Աւանեսեանի, տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սուսաննա Սաֆարեանի, «Արգրէյն» ընկերութեան տնօրէն, գործարար Յարութիւն Մնացականեանի եւ «Համայնքի ղեկավարները յանուն տնտեսական զարգացման» ծրագիրի հայաստանեան համակարգող, «Ի-ՎԻ քոնսալթինկ» ընկերութեան գործընկեր Սեւակ Յովհաննիսեանի մասնակցութեամբ:

 

Նախորդը

Շոյկու Ընդգծած Է Հայ Սակրաւորներու Եւ Բժիշկներու Ներդրումը Սուրիացիներու Օժանդակութեան Հարցին Մէջ

Յաջորդը

Վերահսկիչ Թըրմոնտ Նեցուկ Կը Կանգնի Ուսումնական Ծրագիրին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթին Ներառումին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.