Ռուսական «Նեզաւիսիմոյէ Վոյեննոյէ Օպոզրենիէ» օրաթերթը հրապարակած է օգոստոս 2008-ին Հարաւային Օսեթիոյ մէջ տեղի ունեցած հնգօրեայ պատերազմի աշխարհաքաղաքական հետեւանքներուն մասին յօդուած մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ»-ը:
Յօդուածի հեղինակ` ռազմական գիտութիւններու թեկնածու, Ռազմական գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ եւ թղթակից Անաթոլի Ցիկանոք կը նշէ, թէ Ռուսիոյ կողմէ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ անկախութեան ճանաչումը ազդած է ղարաբաղեան տագնապին վրայ:
«1991-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով յետխորհրդային երկիրներու տարածքին մէջ երկու նոր պետութիւններ ճանչցուեցան: 2008-ին` 17 տարի ետք, կը մեկնարկէ նախկին Խորհրդային Միութեան, այսպէս կոչուած «երկրորդ մակարդակի» պետական կազմաւորումներու ճանաչման հոլովոյթը: Ղարաբաղի համար նախատիպեր կը ստեղծուին, միջազգային ճանաչում ստանալու նոր կարելիութիւններ յառաջ կու գան` անկախ կամքէն Ազրպէյճանի, որ պատրաստ չէ ճանչնալու ղարաբաղցիներու հիմնաւոր իրաւունքները», գրուած է յօդուածին մէջ:
Յօդուածին հեղինակը կը նշէ, թէ Հարաւային Օսեթիոյ իրադարձութիւններէն ետք, Լեռնային ղարաբաղի համար յստակ դարձած է, որ խաղաղարարները ունակ չեն ապահովելու տագնապի գօտիին մէջ տեղւոյն բնակչութեան անվտանգութիւնը, եւ տագնապի գօտիին մէջ խաղաղութիւնը կը պահպանուի կողմերու ուժերուն հաւասարակշռութեան շնորհիւ:
Յօդուածին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ յառաջացած տագնապը բացասաբար անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի վրայ, որուն բնակիչները Հայաստանի բնակիչներուն հետ միասին զրկուեցան այդ տարածքով Ռուսիա մուտք գործելու եւ ատոր հետ մէկտեղ Ռուսիոյ Հիւսիսային Կովկասի մէջ բնակող «ղարաբաղեան սփիւռքի» հետ հաղորդակցելու կարելիութենէն:



