Քապըր Շմունի միջադէպին ինկած երկու զոհեր Ռամի Սալմանի եւ Սամեր Ապի Ֆրաժի քառասունքին առիթով, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի Խալտէի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ անոնց յիշատակը ոգեկոչելու նուիրուած հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մարիօ Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մոհամետ Խաուաժա, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ, նախարար Ղասսան Աթալլա եւ մեծ թիւով հոգեւորականներ, կուսակցականներ ու Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան համակիրներ:
Արսլան յայտնեց, որ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի դէմ գործուած արարքը աննշան արարք մը չէր:
Ան հաստատեց, որ երկրին մէջ ապահովական եւ դատական սկզբունքները պէտք է յարգուին` աւելցնելով, որ բոլորը պէտք է իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնեն` ամրապնդելու համար լիբանանեան պետութեան, անոր գոյացութեան եւ իշխանութեան հեղինակութիւնը` ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Արսլան նշեց, «որ լիբանանեան պետութիւնը որոշեց Քապըր Շմունի թղթածրարը Զինուորական ատեան փոխանցել, հետեւաբար մենք հաստատեցինք, որ հարց չունինք այդ իմաստով` պահանջելով բացայայտել, թէ Ռամի եւ Սամեր ինչպէս նահատակուեցան»:
«Ճի՛շդ է, որ հաշտութիւնը սկզբնաքայլ է, սակայն մենք նահատակներուն թափած արիւնը սակարկողներէն չենք», շեշտեց Արսլան:
Ան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ իրենք միայն իրաւունքը եւ արդարութիւնը կը պահանջեն` աւելցնելով, որ Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած սրտբացութեան եւ հաշտութեան հանդիպումին այս իմաստով համաձայնութիւն գոյացած է:
Միւս կողմէ, Արսլան նշեց, որ յուլիսեան պատերազմի յաղթանակի օրը պէտք է Լիբանանի մէջ վերածուի պաշտօնական տօնի, ինչպէս է պարագան հարաւի ազատագրութեան: «Յուլիսեան պատերազմի ընթացքին արձանագրուած յաղթանակը մեր արժանապատուութեան, փառքին եւ միասնականութեան, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան խորհրդանիշն է», հաստատեց Արսլան:
Այս առիթով ան ողջունեց գոյատեւումի, Դիմադրութեան, միասնականութեան, կորովի եւ դիւանագիտական ու քաղաքական հմտութեան խորհրդանիշ` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը:



