ՀՅ Դաշնակցութեան Ստեփանակերտի կառոյցի անդամները 15 օգոստոսին հանդիպում ունեցած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Ստեփանակերտի քաղաքապետի պաշտօնին առաջադրուած Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի հրետանային զօրամասերէն մէկուն նախկին հրամանատար, գնդապետ Գրիգորի Սահակեանի հետ:
Հանդիպումին կը մասնակցէին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները, Ստեփանակերտի կոմիտէի եւ երիտասարդական միութեան անդամները, ինչպէս նաեւ տեղի ունենալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած աւագանիի թեկնածուներ Արմէն Յովսէփեանը, Տրդատ Մարտիրոսեանը, Սիրանուշ Սարգսեանը եւ Հայկ Մոսիեանը:
Հանդիպումի ընթացքին Գրիգորի Սահակեան ոլորտ առ ոլորտ ներկայացուցած է իր նախընտրական ծրագիրը: Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի անդամներն ալ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Սահակեանին` յայտարարելով, որ Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած աւագանիի թեկնածուները պիտի ուղեկցին անոր քարոզարշաւի ընթացքին:



