Վարչապետ Սաատ Հարիրի Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի, Փոմփէոյի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Շինքըր, Փոմփէոյի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը:
Հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան գործակցութիւնը Միացեալ Նահանգներուն հետ` ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ մղելու առումով, ամրապնդուած է եւ պիտի շարունակուի:
Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան վարչակազմին` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած մնայուն օժանդակութեան համար, նկատի ունենալով յատկապէս լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն տրամադրուած օժանդակութիւնները:
Հարիրի նշեց, թէ Լիբանան յանձնառու կը մնայ այն բանակցութիւններուն, որոնք կը կատարուին Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի կողմէ` Լիբանանի ծովային եւ ցամաքային սահմանագծումին վերաբերեալ:
Ան նշեց, որ Սաթըրֆիլտ այդ առաջարկը ներկայացուցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ իրեն անձամբ` աւելցնելով, որ իր կարծիքով` կարելի է յառաջիկայ սեպտեմբերին այդ իմաստով համաձայնութեան մը յանգիլ:
Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ «Սետր»-ի ծրագիրին գործադրութեան առումով ամերիկեան մնայուն օժանդակութիւն գոյութիւն ունի` ընդգծելով, որ «Սետր»-ի գործադրութիւնը կարեւոր է Լիբանանի տնտեսական կացութեան վերաշխուժացումին համար:
Հարիրի ընդգծեց, որ իրենք կը հետապնդեն այդ ծրագիրներուն գործադրութեան իմաստով ցուցաբերուելիք զօրակցութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի եւ շրջանին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդել:
Ան նշեց, որ կարելի չէ Հըզպալլայի դէմ պատժամիջոցներուն իմաստով ամերիկեան վարչակազմին կարծիքը փոխել` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն` Լիբանանը պաշտպանելու համար այդ պատժամիջոցներուն ունենալիք հետեւանքներէն:
Հարիրի հաստատեց նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը 2020-ի պետական իր ամավարկին մէջ պիտի շարունակէ գործադրել տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումները:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ թիրախ չէ` ո՛չ ֆիզիքական եւ ո՛չ ալ քաղաքական առումով:
Իր կարգին, Փոմփէօ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Լիբանանի եւ լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն` պաշտպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու լիբանանցիներուն կարիքները:
Փոմփէօ դրուատեց սուրիացի տեղահանուածներուն նկատմամբ Լիբանանի հիւրընկալութիւնը:
Ան աւելցուց, որ Իրան եւ անոր դերակատար Հըզպալլան կը սպառնան Լիբանանին` աւելցնելով, որ Սաթըրֆիլտի բանակցութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած գործակցութիւնը ողջունելի է:
Ան յոյս յայտնեց, որ այդ բանակցութիւնները մօտիկ ապագային կը վերածուին շօշափելի արդիւնքներու:
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային դրամատան կառավարիչ Տէյվիտ Մալփասի հետ:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի հաստատեց, որ Միջազգային դրամատունը ընդգծած է Լիբանանի նկատմամբ իր զօրակցութիւնը:



