Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Զինուոր Մը Մոլորելով Յայտնուած Է Ազրպէյճանի Մէջ

August 14, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ 12 օգոստոս 2019-էն Ազրպէյճանի տարածքին մէջ կը գտնուի հայ քաղաքացի մը. անոր ինքնութիւնը եւ այլ մանրամասնութիւններ գիտնալու համար համապատասխան մարմինները աշխատանք կը կատարեն:

Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ այդ քաղաքացին զինուոր Արայիկ Ղազարեանն է:

Միւս կողմէ, զինուոր Արայիկ Ղազարեանի իրաւունքներու երաշխաւորման հարցով Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Քլեր Մէյթրոյի հետ:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինէն յայտնեցին, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն տակաւին չէ տեսակցած Արայիկ Ղազարեանին հետ, սակայն ուշադրութեամբ կը հետեւի այս հարցին:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը կապի մէջ է նաեւ Արայիկ Ղազարեանի ընտանիքի անդամներուն հետ:

Զինուորի իրաւունքներուն երաշխաւորման, նաեւ` առողջական վիճակին կապուած հարցերով մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան պիտի դիմէ միջազգային համապատասխան կառոյցներուն:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի երեւանեան գրասենեակէն եւս «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին, որ կոմիտէն ներգրաւուած է գաղտնի երկկողմանի երկխօսութեան մէջ` համապատասխան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Նոյն ծիրին մէջ, զինուոր Արայիկ Ղազարեանի` «Ազրպէյճանի մէջ յայտնուելուն հանգամանքները պարզելու համար հետաքննութիւն կ՛իրականացուի», այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ի, Դիլիջանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը:

«Այս փուլին տակաւին հետաքննութիւն կ՛իրականացուի կատարուածին վերաբերեալ: Անձամբ ես կը կարծեմ, որ մեր զինուորը աշխարհագրականօրէն մոլորուած է», ըսած է Տօնոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու այն տեղեկութիւնները, որ զինուորի` Ազրպէյճանի մէջ յայտնուելուն պատճառը անոր նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքն է, նախարարը ըսած է, որ ատիկա ազրպէյճանական հերթական ապատեղեկատուութիւնն է: «Չեմ կարծեր, որ ատիկա պէտք է տարածել: Ես ներքին համոզում ունիմ, որ ան ուղղակի մոլորուած է», նշած է Տօնոյեան:

Անդրադառնալով զինուորի վերադարձի խնդիրին` նախարարը յայտնած է, որ դիմած են միջազգային համապատասխան կառոյցներուն` մասնաւորապէս Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին:

Խօսելով զօրամասին մէջ զինուորական ծառայողի հոգեբանական վիճակին մասին` նախարարը ըսած է, թէ որոշ աշխատանք իրականացնելէ ետք պիտի կարենան յստակ պատասխան տալ: «Բոլորիս համար ցաւալի դէպք է, սակայն, կը կարծեմ, որ ամէն ինչ բնականոն պիտի ընթանայ», ըսած է նախարարը:

Տօնոյեան կոչ ուղղած է Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն, որպէսզի նման ապատեղեկատուական աշխատանքը դադրեցնեն:

 

 

Նախորդը

Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկուած Է Սուրիա

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան Ընդունեց Ռուսիոյ Ապահովութեան Խորհուրդի Քարտուղարը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.