Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ Քննարկած Է Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները

August 3, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ, 2 օգոստոսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին:

Ա. Գրիգորեան շնորհաւորած է դեսպանը` անոր նշանակման առիթով եւ մաղթած յաջողութիւն դիւանագիտական առաքելութեան մէջ: Ան ներկայացուցած է անվտանգութեան ոլորտին մէջ կատարուող բարեփոխումները, մասնաւորապէս` յանցագործութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ մշակուող քաղաքականութիւնը` յատուկ ընդգծելով անոնց կարեւորութիւնը: Անդրադարձած է նաեւ Արցախի մէջ ականազերծման ծրագիրներուն Միացեալ Նահանգներու ֆինանսական աջակցութեան` նշելով, որ անոնք շատ մեծ կարեւորութիւն ունին տեղւոյն բնակչութեան համար: Գրիգորեան յատուկ կերպով ընդգծած է նաեւ Արցախին տրուող ամերիկեան մարդասիրական օգնութեան շարունակականութեան կարեւորութիւնը:

Դեսպան Թրէյսի նշած է, որ շրջանային եւ համաշխարհային անվտանգութեան երաշխաւորումը Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու երկկողմանի յարաբերութիւններու առանցքային բաղադրիչներէն մէկն է, եւ ան ուրախ է, որ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ կարելիութիւն ունեցած է անդրադառնալու երկու երկիրներու հետագայ համագործակցութեան:

Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր: Արմէն Գրիգորեան եւ Լին Թրէյսի միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման եւ շրջանային այլ նիւթերու շուրջ:

 

Նախորդը

Դաւիթ Տօնոյեանը Սփիւռքի Երիտասարդ Առաջնորդներուն Ներկայացուցած Է Հայաստանի Պաշտպանական Քաղաքականութիւնը

Յաջորդը

Արթուր Խաչատրեան. «Դատարանները Քաղաքականացնելը Կը Յանգեցնէ Սահմանադրական Ճգնաժամի»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.