Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնալիբանանի Միջադէպի Լուծման Կարելիութիւնը Վերադարձաւ Զերօ Կէտին

August 3, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնալիբանանի միջադէպը լուծելու կարելիութիւնը վերադարձաւ զերօ կէտին:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Պասաթինի միջադէպը ինչքան ալ այլակերպուի` ճշմարտութիւնը աւելի հզօր կը մնայ:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի միջադէպի թղթածրարին սառեցումը կարելի չէ արդարացնել` աւելցնելով, որ ժամանակին վրայ գրաւ դնողը չարաչար կը սխալի:

Արսլան նշեց, որ ոճրագործները պահպանելը վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն իրենց նահատակներուն արիւնը յումպէտս հոսեցնել:

Իր կարգին, Քապըր Շմունի միջադէպին լուծման նպատակով իշխանութեան պետերուն կողմէ նշանակուած պատասխանատու` Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի միջադէպի լուծման կարելիութիւնը վերադարձած է զերօ կէտին:

Ան նշեց սակայն, որ տակաւին կայ մէկ նախաձեռնութիւն, որուն իմաստով աշխատանքը կը շարունակուի` աւելցնելով, որ առկայ նախաձեռնութիւնը կ՛ենթադրէ Քապըր Շմունի միջադէպին հետաքննութիւնը յանձնել Զինուորական ատեանին:

Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ ինք քաղաքական հաշտութիւն մը գոյացնելու մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի` հաստատելով, որ իր առաքելութիւնը կը կեդրոնանայ ապահովական եւ դատական երեւոյթներուն վրայ:

 

Նախորդը

Ճամբորդի Մը Կորսնցուցած Դրամապանակը Ինչպէս Որ Է Վերադարձուեցաւ Անոր

Յաջորդը

Տար Ֆաթուայի Համաձայն` Ատհայի Առաջին Օրը Կիրակի, 11 Օգոստոսն Է

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.