Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանը

July 30, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 29 յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց գեղանկարչութեան արուեստին մէջ նուաճումներ արձանագրած Գրիգոր Ակոբեանը:

Այս առիթով արուեստագէտին տուած իր սրբատառ կոնդակին մէջ վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Հոգեկան ուրախութիւն է մեզի համար լուսարձակի տակ բերել ձեր անձն ու վաստակը, ընդհանրապէս արուեստի ու յատկապէս գեղանկարչութեան մարզին մէջ: Արդարեւ, դուք իբրեւ արուեստագէտ ծանօթ էք ո՛չ միայն մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ` օտարներուն: Ձեր մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները Լիբանանի մէջ ապրելէ ետք, ձեր համալսարանական ուսումը ստացաք Քանատայի մէջ: Երիտասարդ տարիքին մուտք գործեցիք նկարչական արուեստին մէջ: Աւելի քան 250 ցուցահանդէսներու մասնակցեցաք եւ 60 անձնական ցուցահանդէսներ կազմակերպեցիք Լիբանանի, Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ: Արժանացաք գնահատականներու ու մրցանակներու: Ձեր ստեղծագործութեան առընթեր նաեւ դասախօսեցիք նկարչական բնագաւառին առնչուած նիւթերու շուրջ: Ձեր արուեստին մէջ հայութիւնը իր արժէքներով ու ձգտումներով, իր տառապանքով ու երկունքներով մնաց տիրական ներկայութիւն»:

Հանդիսութեան ընթացքին տուտուկով հանդէս եկաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Օշին աբղյ. Չուալերթանեան: Ապա, յաջորդաբար խօսք առին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան եւ արուեստի քննադատ դոկտ. Քլոտ Ռահայէլ: Անոնք վեր առին Ակոբեանի արուեստին յատկանիշները` ընդգծելով գեղանկարչութեան մարզին մէջ վերջինիս իւրայատուկ արուեստին կարեւոր ներկայութիւնը:

Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ արուեստագէտ Ակոբեան եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին` իր նկատմամբ եղած բարձր գնահատանքին համար:

Նախորդը

Լիբանանահայ Պատանիները Մասնակցած Են «Ասպետ» Ճամբարին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.