Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Մնացականեան Հանդիպում Ունեցած Է Վրաստանի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

July 26, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանն եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը 25 յուլիսին հանդիպում ունեցան Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Արչիլ Թալաքվածէի հետ: Հանդիպումին  մասնակցած են նաեւ Վրաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ, Վրաստան-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Կէորկի Վոլսքին, խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Սոֆիօ Քացարավան, Վրաստան-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամներ Ռուսլան Պօղոսեանն ու Սամուէլ Մանուկեանը:

Նախարար Մնացականեան վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը` աւելի ամրապնդելու հայ-վրացական բազմադարեան բարեկամական յարաբերութիւնները: Այս պարունակին մէջ կողմերը գոհունակութեամբ ընդգծած են խորհրդարանական դիւանագիտութեան աշխուժ դերակատարութիւնը` իբրեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ հարթակ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն ու Վրաստանի խորհրդարանի ղեկավարը կարեւոր նկատած են նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ գործող յանձնախումբերուն միջեւ պարբերական հանդիպումներու կայացումը:

Զրուցակիցները առանձնայատուկ կերպով ընդգծած են վիրահայ համայնքին կարեւոր դերակատարութիւնը ինչպէս Վրաստանի հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ, այնպէս ալ` երկու դրացի եւ բարեկամ ժողովուրդներու ու պետութիւններու յաւելեալ մերձեցման առումով:

Զոհրապ Մնացականեան եւ Արչիլ Թալաքվածէ միտքեր փոխանակած են շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան հարցերու վերաբերեալ: Նախարար Մնացականեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները` շեշտելով խաղաղ հոլովոյթի յառաջ մղման համար համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման առաջնահերթութիւնը:

Հանդիպումի աւարտին նախարար Մնացականեան գրառում կատարած է Վրաստանի խորհրդարանի պատուոյ հիւրերու մատեանին մէջ:

 

Նախորդը

«Բարեփոխումները Պէտք Է Ըլլան Սահմանադրութեան Եւ Գործող Օրէնքներու Շրջանակներուն Մէջ» Կ՛ըսէ Լիլիթ Գալստեան

Յաջորդը

Խմբագրական. Ուսումնասիրական Առաջադրանքներ Եւ Դժուար Բացայայտելի Ուժի Մը Գաղտնիքը (Լիզպոնի Հերոսական Արարքին 36-ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.