Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտալլալի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Ապահովութեան Խորհուրդին Լուռ Չմնալու Լիբանանեան Ենթակառոյցը Քանդելու Իսրայէլեան Սպառնալիքներուն Դիմաց»

July 26, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ամալ Մտալլալի նախանցեալ օր կոչ ուղղեց Ապահովութեան խորհուրդին լուռ չմնալու լիբանանեան ենթակառոյցը քանդելու իսրայէլեան սպառնալիքներուն դիմաց:

Մտալլալի այս յայտարարութիւնը կատարեց պատասխանելով Թել Աւիւի կողմէ կատարուած այն ամբաստանութիւններուն, թէ Իրան Պէյրութի նաւահանգիստը կ՛օգտագործէ Հըզպալլային զէնք եւ զինամթերք հայթայթելու:

Մտալլալի հաստատեց, որ Լիբանանի գնահատումով` իսրայէլեան նման յայտարարութիւններ ուղղակի սպառնալիք կը նկատուին երկրին խաղաղութեան, ապահովական կայունութեան, քաղաքացիական անվտանգութեան եւ ենթակառոյցին:

Քուպիչ. «Սետրի Խորհրդաժողովին Մասնակցած Երկիրները 2019-ի Լիբանանի Պետական Ամավարկի Վաւերացումը Շատ Դրական Նկատած Են»

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին ներկայացուց Լիբանանի եւ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին իր տեղեկագիրը:

Քուպիչ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն նկատմամբ լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ հսկայական զօրակցութիւն կը ցուցաբերուի:

Քուպիչ բարձր գնահատեց Լիբանանի կառավարութեան կողմէ 2019-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու յանձնառութիւնը, որ իր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ երկրին տնտեսական տագնապի լուծման մէջ` յատկապէս նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը խոստացած է մշակել նաեւ 2020-ի պետական ամավարկը եւ զայն սահմանադրական ժամկէտի շրջագիծին մէջ ներկայացնել խորհրդարան:

Ան հաստատեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին մասնակցած երկիրները 2019-ի Լիբանանի պետական ամավարկի վաւերացումը շատ դրական նկատած են:

Քուպիչ ընդգծեց, որ կարգ մը խմբաւորումներու, ինչպէս Հըզպալլայի կողմէ զէնք ունենալու իրականութիւնը մերժելի է: Ան հաստատեց, որ Լիբանան պէտք է կառչած մնայ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութեան:

Քուպիչ ընդգծեց, որ Լիբանանի կողմէ սուրիացի տեղահանուածներուն ցուցաբերուած հիւրընկալութեան նկատմամբ մեծ յարգանք կայ:

 

Նախորդը

Հարիրի Եռօրեայ Պաշտօնական Սուգ Յայտարարեց Թունուզի Նախագահին Մահուան Առիթով

Յաջորդը

Կիտանեան Փարակուէյի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Ստորագրեց Համագործակցութեան Յուշագիր

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.