Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մնացականեան Հանդիպում Ունեցած Է Վրաստանի Վարչապետին Հետ

July 25, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը հանդիպում ունեցած է Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթածէի հետ: Այս մասին իր դիմատետրի էջով տեղեկացուցած է նախարարի մամուլի բանբեր Աննա Նաղդալեան:

Հանդիպումի օրակարգին, քննարկուած հարցերուն մասին տեղեկութիւններ չեն հրապարակուած:

Հայաստանի Եւ Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Վերահաստատած Են Տագնապները Խաղաղ Միջոցներով Լուծելու Յանձնառութիւնը

Երէկ նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ իր վրացի պաշտօնակից Դաւիթ Զալքալիանիի հետ: Հանդիպումէն ետք Մնացականեան մամուլին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Մենք այս մէկ տարուան ընթացքին ունեցած ենք բազմաթիւ առիթներ իրարու հետ յարաբերելու եւ քննարկելու մեր օրակարգի բազմաթիւ  հարցեր: Այժմ տեղի կ՛ունենայ իմ պաշտօնական այցելութիւնս Վրաստան, որ շատ լաւ առիթ է, որպէսզի կարենանք ամփոփ եւ համապարփակ ձեւով անդրադառնալ մեր երկկողմանի օրակարգին:

«Քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցաւ Հայաստան – Վրաստան  միջկառավարական յանձնախումբի նիստը, որ բաւական բովանդակալից էր եւ ծաւալուն: Անդրադարձ կատարուած է բազմաթիւ  հարցերու եւ ծրագրուած են բոլոր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան աշխատանքները: Իբրեւ կառավարութիւններ` մենք նաեւ կը փորձենք խթանել բոլոր կապերը առեւտուրի ոլորտի, քաղաքական հասարակութեան շրջանակներուն մէջ:

«Շատ էական է համագործակցութեան միջխորհրդարանական հարթակը: Մենք մեր կողմէ կը փորձենք մեր ներդրումը ունենալ, արտաքին ոլորտի պատասխանատուներու, արտաքին ոլորտի նախարարութիւններու մակարդակով աշխուժ պահել այդ երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը:

«Մենք նաեւ փոխանակեցինք մեր մօտեցումները եւ տեսակէտները տարբեր հարցերու շուրջ, որոնք կը վերաբերին շրջանային անվտանգութեան: Ցաւօք, մենք տակաւին շրջանին մէջ ունինք չլուծուած տագնապներ: Մենք վերահաստատեցինք մեր յանձնառութիւնը տագնապներու լուծման բացառապէս խաղաղ ճամբով, նաեւ այն ըմբռնումը, որ իւրաքանչիւր հակամարտութիւն ունի իր իւրայատկութիւնները եւ իր բանակցային շրջանակը, որուն մէջ տեղի կ՛ունենայ խաղաղ կարգաւորում: Վերահաստատեցինք մեր մտադրութիւնը` ձեւաւորուած շրջագիծերու եւ ձեւաւորուած բանակցային հարթակներու վրայ աջակցելու խաղաղ լուծման գործընթացներուն»:

Նախորդը

Արցախի Նախագահը Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարը Հանդիպում Ունեցան Քասփրչիքի Հետ

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Առեւտուրի Ոլորտին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հետ Աւելի Վատ Կը Վարուի, Քան Չինաստանը» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 28, 2026
Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.