Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Պիւտճէն 10 Միլիառ Լ. Ոսկիով Նուազած Է» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

July 24, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Յորդանանի մէջ մասնակցեցաւ Ժարաշի 34-րդ փառատօնին:

Այս առիթով իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ փառատօները զբօսաշրջիկ չեն ապահովեր` աւելցնելով, որ 2019-ի պետական ամավարկին համաձայն, զբօսաշրջութեան նախարարութեան պիւտճէն 10 միլիառ լ. ոսկիով նուազած է:

Ան նշեց, որ ինք փառատօներու կազմակերպութեան եւ փառատօներ կազմակերպողներուն դէմ չէ, սակայն համոզուած է, որ կարելի չէ փառատօներու միջոցով երկրին զբօսաշրջութեան շուկայադրումը կատարել:

«Հետեւաբար պէտք է յստակ ըլլայ բոլորին համար, որ ես փառատօներու նախարար չեմ, այլ` զբօսաշրջութեան նախարար, որուն նախարարութեան պիւտճէին մէջ համեստ բաժին մը յատկացուած է փառատօներու:

Անդրադառնալով Քեսրուանի կարգ մը լողաւազաններուն մաքրութեան չափանիշները չամբողջացնելու պարագային եւ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած լողաւազաններու անուններ կրող ցուցակին` Ա. Կիտանեան ըսաւ, թէ այդ քննութիւնները հերթական կերպով կը կատարուին, եւ արդիւնքները կը կցուին լողաւազանի մուտքին: Ան նշեց, որ չափանիշներու  բաղդատութեան մէջ տարբերութիւններ կան` աւելցնելով, որ նախարարութեան համար կարեւորը այն է, որ լողաւազանը ժահրերէ զուրկ ըլլայ:

Նախարար Կիտանեան նշեց, որ լողաւազաններուն մասին նման ցուցակ մը սպրդեցնողը դիտմամբ կը միտի հարուածել երկրին զբօսաշրջութիւնը, ինչպէս էր պարագան վերջերս, երբ անձ մը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կեցուածք մը արտայայտեց եւ ժխտական ազդեցութիւն ձգեց: «Այդ պատճառով ալ ստիպուեցանք յստակացումներ տրամադրել եւ փաստել, որ այդ կեցուածքը սխալ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած է», ըսաւ նախարար Կիտանեան` կոչ ուղղելով տեղեկատուութեան մարզին ուղղուելու օդակայան եւ անձնական արժեւորում կատարելու` ուրիշին կեցուածքները լսելու փոխարէն:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Պէյրութի չորս աստղանի պանդոկներուն մէջ արաբ զբօսաշրջիկներուն կատարած ամրագրումներուն համեմատութիւնը 80 առ հարիւրէն աւելի է, իսկ հինգ աստղանի պանդոկներուն մէջ` 70-75 առ հարիւր: «Այս բոլորին կողքին կան նաեւ եւրոպացի զբօսաշրջիկները, որոնք կը նախընտրեն գիշերել աւելի ժուժկալ վայրեր, բայց եւ այնպէս անոնց համեմատութիւնը արդէն իսկ հասած է 42 առ հարիւրի:

«Տակաւին մեծ յոյսեր կան, որ այս տարի զբօսաշրջութեան մարզի ցուցանիշները գերազանցեն 2010-ի արդիւնքները, որոնց համաձայն, նոյն մարզը կրցած էր երկրին 8 միլիառ տոլարի մուտք ապահովել», շեշտեց Ա. Կիտանեան:

Ան կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն վերջ տալու տեղեկատուութեան մարզին մէջ իրենց հերոսութիւններուն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց տեղեկատուութեան մարզին` օժանդակելու Լիբանանի գեղեցիկ պատկերի տարածումին:

 

Նախորդը

Ապու Ֆաուր. «Ո՛վ Որ Կը Մտածէ, Թէ Լեռնալիբանանի Միջադէպին Թղթածրարը Զինուորական Ատեանէն Աւելի Արագ Կրնայ Արդարութեան Խորհուրդ Փոխանցուիլ, Կ՛երազէ»

Յաջորդը

Պըրրի Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.