Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ուաշինկթընի Մէջ Կը Վերարծարծուի Վիեննան

July 13, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հետ կապուած հիմնական երկու իրադարձութիւն ուղենշային իմաստ կը ստանան` արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ համանախագահող երկիրներէն մէկուն հետագայ դիրքորոշումներու ուրուագծման տեսանկիւնէն:

Առաջինը. «Ազգային պաշտպանութեան նախահաշիւային յատկացումներու մասին» օրէնքին քննարկման ընթացքին քոնկրեսական Ճուտի Չուի ներկայացուցած փոփոխութեան ընդունումն է, որ կը վերահաստատէ «Էնկել-Ռոյս նախաձեռնութեան» կարեւորութիւնը` միտուած Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն, միջեւ շփման գիծին լարուածութեան թուլացման: Մասնաւորապէս, փաստաթուղթը կը նախատեսէ շփման գիծէն արձակազէններու, ծանր զինուորական հրետանիի եւ նոր զինատեսակներու յետքաշում, ինչպէս նաեւ հրաձգութիւններու տեղորոշման համակարգերու ներդրում եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի անձնակազմի ընդլայնում:

Երկրորդը`  հաւանութեան  արժանացուցած է  քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի ներկայացուցած առաջարկը, որով կ՛արգիլուի ամերիկեան պաշտպանական որոշակի զինատեսակներու փոխանցումը Պաքուին, ինչ որ կրնայ օգտագործուիլ ազրպէյճանական կառավարութեան կողմէ` Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ  գործող քաղաքացիական օդանաւերը խոցելու համար:

Երկու բանաձեւերն ալ եղած են Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագիծերը, որոնք հաստատած է Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տունը:

Առաջին օրինագիծը ըստ էութեան այն առաջադրանքներն են, որոնք  հայկական կողմը ապրիլեան պատերազմէն ետք ամէն առիթի կ՛արծարծէր, որոնք նաեւ  պայմանաւորուածութեան տեսք  ստացած էին Վիեննայի եւ ապա Ս. Փեթերզպուրկի մէջ: Այն առաջադրանքները, որոնց շուրջ կայացած պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը կ՛արգելակէր Պաքուն: Ի հարկէ այստեղ ուղղակի չի նշուիր մշտադիտարկման եւ հետաքննութեան գործիքակազմերու տեղադրման պահանջը, այդուհանդերձ շփման գիծէն արձակազէններու եւ ծանր զինուորական հրետանիի եւ նոր զինատեսակներու յետքաշումն ու հրաձգութիւններու տեղորոշման համակարգերու ներդրումը այդ մասին կը յուշեն. այդ բոլոր գործողութիւններու իրականացումն ու անոր համապատասխան գործիքակազմերու տեղադրումը օրինաչափօրէն կը ներառուին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի անձնակազմի ընդլայնուած լիազօրութիւններու շրջանակին մէջ:

Իսկ երկրորդի պարագային` պարզ տեսքով  կ՛ըսուի, որ Ստեփանակերտի օդակայանը պէտք է գործարկուի. միաժամանակ Պաքուն կը զգուշացուի հեռու  մնալու օդանաւ խփելու արկածախնդրական որեւէ փորձէ:

Մեծ է ներդրումը այս բոլորին մէջ Ամերիկայի Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակին`  առաջադրանքները ճիշդ պահուն ներկայացնելու եւ մանաւանդ հայկական եւ ամերիկեան կողմերու առաջադրանքային համընկնումներ ձեռք բերելու առումով:

Միաժամանակ նկատենք, որ ի տարբերութիւն միւս երկու համանախագահող երկիրներուն, Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր իշխանութեան կարեւորագոյն հատուածը բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին ուղենշային բանաձեւեր կը քուէարկէ: Ամերիկացի նախագահը պետական հետեւողականութեամբ միջնորդական քննարկումներուն նկատի կ՛ունենայ իր երկրի ներկայացուցիչներու տան բանաձեւերը:

Երկու բանաձեւերուն ո՛չ միայն քարոզչաքաղաքական հնչեղութիւն ապահովելը անհրաժեշտ է, այլեւ մանաւանդ բանակցային գործընթացին մէջ զանոնք առանցքային թեմայի վերածելը: Թիրախը ուրեմն, քոնկրեսին ներկայացուած օրինագիծն ու քուէարկուած որոշումը միւս երկու համանախագահող երկիրներու օրէնսդրական դաշտ տեղափոխումն է:

«Ա.»

Նախորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Վաւերացուց Արցախի Պաշտպանութեան Ուղղուած Չուի Առաջարկը

Յաջորդը

«Դէպի Վրաստան Թռիչքները Դադրեցնելու Մասին Ռուսիոյ Որոշումը Անհամաչափ Է Ու Անարդար» Կ՛ըսէ Թուսք

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.