Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեանը Հանդիպում Ունեցած Է Վիեթնամի Ազգային Ժողովի Նախագահին Հետ

July 8, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 յուլիսի առաւօտեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Վիեթնամի Ազգային ժողովի նախագահ Նկույեն Թխի Քիմ Նկանի հետ:

Վերջինս բարձր գնահատած է վարչապետի պաշտօնական այցելութիւնը Վիեթնամ եւ նշած, որ անիկա նոր ազդակ պիտի հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն զանազան ոլորտներու մէջ: «Մենք կը հետեւինք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, կը շնորհաւորենք ձեզ արձանագրուող յաջողութիւններուն եւ միջազգային ասպարէզին մէջ Հայաստանի դիրքի ամրապնդման առնչութեամբ», ըսած է Վիեթնամի Ազգային ժողովի նախագահը` աւելցնելով, որ անոնք ամէն ձեւով պիտի աջակցին երկկողմանի կապերու զարգացման:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ ունեցած է Վիեթնամի իր գործընկերոջ հետ` ձեռք բերելով յստակ պայմանաւորուածութիւններ: «Աշնան Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք միջկառավարական յանձնախումբի նիստին պիտի քննարկուի հարցերու  լայն շրջանակ եւ ընդունուին արդիւնաւէտ որոշումներ` մուտքի արտօնագիրի դրութեան դիւրացման, զբօսաշրջութեան մարզին մէջ  կապերու զարգացման, կրկնակի հարկումը բացառող համաձայնագիրի ստորագրման եւ այլ ուղղութիւններով: Պայմանաւորուած ենք նիստի շրջագիծին մէջ կազմակերպել նաեւ պիզնես ֆորում, որ պիտի նպաստէ  առեւտրական-տնտեսական կապերու զարգացման եւ ընդլայնման», ըսած է վարչապետը: Վարչապետին համաձայն, Հայաստանին եւ Վիեթնամին կը  կապեն աւանդական յարաբերութիւնները: Վարչապետը նշած է նաեւ, որ Վիեթնամի հիմնադիր Հօ Շի Մինի` 1959-ի Հայաստան այցելութենէն մեր ժողովուրդին մօտ մնացած են ջերմ յիշողութիւններ:

Զրուցակիցները ընդգծած են, որ Հայաստանի վարչապետին` Վիեթնամ այցելութեան շնորհիւ երկու երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած է համագործակցութեան բարենպաստ մթնոլորտ եւ կողմերը պէտք է շարունակեն աշխուժ գործակցութիւնը շօշափելի արդիւնքներ արձանագրելու նպատակով:

Նշենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աւարտելով Վիեթնամ իր պաշտօնական այցելութիւնը մեկնեցաւ Սինկափուր, ուր հանդիպում ունեցաւ Սինկափուրի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

 

 

 

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Սահմանադրական Ճգնաժամ Չկայ, Ատիկա Արհեստածին Երեւոյթ Է»

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Միջազգային Ֆալքոն Շարժում Կազմակերպութեան Համագումարին

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.