Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսահայ Երեսփոխանը Արցախի Եւ Ֆրանսայի Քաղաքներուն Միջեւ Կնքուած Բարեկամական Հռչակագիրներու Ջնջման Վերաբերեալ Բացատրութիւն Պիտի Պահանջէ Ֆրանսայի Ներքին Գործոց Նախարարէն

June 20, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը ցաւիմ, որ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարը Ֆրանսայի եւ Արցախի քաղաքներուն միջեւ կնքուած բարեկամական հռչակագիրները դարձուցած է քաղաքական հարց` նահանգապետները մղելով դատարանի մէջ վիճարկել զանոնք: Այս մասին «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի հայազգի անդամ Տանիէլ Ղազարեան` անդրադառնալով Ֆրանսայի եւ Արցախի քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած բարեկամական հռչակագիրներու ջնջման:

«Նախ եւ առաջ կ՛ուզեմ ընդգծել, որ դատարանի ոչ մէկ որոշում կրնայ կասեցնել այդ քաղաքներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անկեղծ բարեկամութիւնը», ըսած է ան:

Ան նշած է, որ ինք նաեւ չի հասկնար, թէ ինչպէս կրնան այդպիսի բարեկամական հռչակագիրները որեւէ ձեւով հարցականի տակ դնել տուեալ տագնապին առնչուած ազգի անհրաժեշտ չէզոքութիւնը:

«Մեր ժողովուրդները միաւորող կապերը համահունչ չեն այս իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղուած Ֆրանսայի դիւանագիտական ջանքերուն` հաշուի առնելով յատկապէս, որ Ֆրանսան ամուր կապեր կը պահպանէ շահառու միւս կողմի` Ազրպէյճանի հետ: Ես ներքին գործոց նախարարէն պիտի խնդրեմ բացատրել մանրամասնութիւնները», ըսած է ան:

Տանիէլ Ղազարեան նաեւ յիշատակեց, որ ինք կ՛անդամակցի Ֆրանսա-Արցախ բարեկամական խումբին, որ կը միաւորէ խորհրդարանի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի արդար եւ խաղաղ լուծման աջակցող անդամները` ի նպաստ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ու զարգացման:

«Մենք բանակցութիւններ պիտի վարենք, որպէսզի ընդհանուր արձագանգի հասնինք նաեւ խորհրդարանին մէջ: Եթէ հետագային կարելիութիւն ընձեռուի իրաւական տեսանկիւնէն անվտանգ դարձնել բարեկամական այդ հռչակագիրները, ես հաստատապէս կողմ պիտի ըլլամ այդպիսի լուծման: Որովհետեւ քաղաքականութեան մէջ խիստ բարձր են գրաւները, մենք կարիք ունինք աշխատանքներ տանելու կուսակցութիւններու որդեգրած քաղաքական գիծերուն ուղղութեամբ` ցոյց տալու համար, որ խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի բարեկեցութիւնը կուսակցական հարցեր չեն, եւ ոչ ալ` որեւէ կողմի արտօնութիւնը միւսի նկատմամբ: Ասիկա կարծիքովս այս խնդիրին անդրադառնալու ամէնէն պատասխանատու ճամբան է», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Ռուստամ Բադասեան` Արդարադատութեան Նախարար

Յաջորդը

ՀՅԴ ՀԵՄ «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան Անդամներու Նստացոյց` Ազգային Ժողովի Շէնքին Առջեւ

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.