Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրատ Փափազեան. «Ժամանակն Է, Որ Հայաստանը Արցախի Հետ Ստորագրէ Ռազմաքաղաքական Համաձայնագիր»

June 19, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է, թէ ֆրանսական կառավարութեան, աւելի ճիշդը Ֆրանսայի վարչական դատարաններուն կողմէ Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս, Պուրկ տը Փէաժ քաղաքներու եւ Տրոմ նահանգի ու Արցախի Հանրապետութեան տեղական եւ տարածքային մարմիններուն միջեւ ստորագրուած Բարեկամութեան հռչակագիրներու չեղեալ յայտարարուելու որոշումը ընդունելի չէ:

«Ի՞նչ սկզբունքի հիման վրայ ֆրանսական կառավարութիւնը դատի կանչած է տուեալ շրջաններու քաղաքապետները: Մենք կը դատապարտենք քաղաքական այս նոր դիրքորոշումը, որ կրնայ միայն Ազրպէյճանը գոհացնել: Մենք չենք ընդունիր այն փաստը, որ ֆրանսական կառավարութիւնը այսքան վատ դիրքորոշում ունի Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ: Յստակ է, որ այս որոշումները հիմնուած են քաղաքական-տնտեսական շահերու վրայ: Մենք բազմիցս ըսած ենք Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին, որ Արցախը մեզի համար առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ այնտեղ կեանքի ու մահուան հարց է: Մենք չէինք կրնար երեւակայել, որ ֆրանսական կառավարութիւնը այսքան հեռու կ՛երթայ: Մենք պիտի չդադրինք Արցախին, Արցախի ժողովուրդին եւ Արցախի անկախութեան հոլովոյթին ու վերջնական փուլին Հայաստանին անոր միացման զօրավիգ կանգնելէ: Ժամանակն է, որ Հայաստան Արցախի հետ ստորագրէ ռազմաքաղաքական համաձայնագիր», շեշտած է Մուրատ Փափազեան:

Այս պարունակին մէջ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահը անհրաժեշտ նկատեց ընդգծել, որ կարելի չէ խաղաղութեան քայլեր սպասել Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ, երբ Ազրպէյճան պատերազմէն կը ներշնչուի եւ միայն ուժի կը դիմէ:

«Մեր ուժը մենք ենք, սփիւռքի  մէջ ամուր կը պահենք մեր դիրքերը: Իսկ նախագահ Մաքրոնին հետ զրուցելով կ՛ունենանք լուրջ բացատրութիւն եւ կը շարունակենք մեր պայքարը Արցախի ժողովուրդին համար` միշտ անոր կողքին կանգնելով: Արցախի ժողովուրդը եւ բանակը ամուր կը պահեն մեր սահմանները: Եթէ Արցախը կորսնցնենք, Հայաստանը կը վտանգուի, իսկ Արցախը զօրացնելով` Հայաստանը կը փրկենք: Պէտք է միջազգային ընտանիքին Հայաստանի եւ սփիւռքի զօրակցութիւնը ցոյց տանք` ուժ տալով Արցախին: Այո՛,  միայն ուժ տալով, ով որ ալ ըլլայ Արցախի իշխանութիւնը` այսօրուան, թէ վաղուան», եզրափակած է Մուրատ Փափազեան:

 

Նախորդը

Վահէ Գրիգորեան` Սահմանադրական Դատարանի Դատաւոր

Յաջորդը

Արմէն Սարգսեան. «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Պէտք Է Ըլլայ Կասկածներէ, Ենթադրութիւններէ, Շահարկումներէ Վեր Կառոյց` «Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք» Եւ «Հայութիւն» Նպատակակէտերով»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.