Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխաններ Թերզեան Եւ Սահնաուի Ժսըրի Հետ Քննարկեցին Պէյրութի Մէջ Գարշահոտերու Արտաբերման Հարցը

June 14, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի երէկ այցելեցին Վերաշինութեան ու բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նապիլ Ժսըրի, որուն հետ քննարկեցին Պէյրութի եւ շրջակայքի գարշահոտերու արտաբերման հարցը:

Այս հանդիպումին լոյսին տակ երեսփոխան Թերզեանի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ այդ հանդիպումին ընթացքին յստակ դարձած է, որ Պէյրութի գարշահոտութիւնը տարբեր պատճառներ ունի: Անոնք են.

1) Պէյրութ գետը վերածել կոյաջուրերու թափման վայրի,

2) Կարգ մը փոխադրակառքերու կողմէ անասուններու մնացորդացը Պէյրութի նաւահանգիստին` Քարանթինայի մօտ թափելու իրականութիւնը,

3) Պէյրութ գետին շրջակայքը գտնուող կարգ մը ընկերութիւններու եւ գործարաններու կողմէ գետին մէջ ապականած նիւթեր թափելու իրականութիւնը,

4) Պուրճ Համուտի ձկնորսական նաւահանգիստը վերածելու կոյաջուրերու թափման վայրի,

5) Լեռնալիբանանի կարգ մը սպանդանոցներուն կողմէ անասուններուն մնացորդացը կոյուղիներուն մէջ թափելու իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ կոյաջուրերը ձկնորսներու նաւահանգիստին մօտ թափելու իրականութիւնը:

Յակոբ Թերզեանի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս բոլոր պատճառներն ու օրինազանցութիւնները արձանագրուած են Վերաշինութեան ու բարգաւաճման խորհուրդին մօտ եւ անոնք պիտի հետապնդուին` խնդրոյ առարկայ նախարարութիւններուն կողմէ, որպէսզի այս բոլոր հարցերը աստիճանաբար լուծուին:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Թերզեան եւ Սահնաուի պահանջած են արագացնել Պուրճ Համուտի կոյաջուրերու զտման կայանի ծրագիրին գործադրութիւնը, որպէսզի Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի ծովափներէն վնասը կարելի ըլլայ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին վերացնել:

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Եւ Միւֆթի Տըրիան Կը Դատապարտեն Ապհայի Օդակայանին Դէմ Գործուած Յարձակումը

Յաջորդը

«Լիբանան Պիտի Չհրաժարի Իր Ցամաքային Եւ Ծովային Սահմանային Իրաւունքներէն» Շեշտեց Պասիլ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.