Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ Պետական Ամավարկի Մանրամասնութիւններուն

May 23, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հետեւեցաւ երկրին մէջ տիրող ազգային, քաղաքական եւ դիւանագիտական հարցերուն, որոնցմէ կարեւորագոյններն էին 2019-ի պետական ամավարկի մանրամասնութիւնները` կառավարութեան քննարկումներուն լոյսին տակ:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ասորի կաթողիկէ համայնքի պատրիարք Մար Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունանը, որ Սֆէյր պատրիարքին վախճանումին առիթով համայնքին ցաւակցութիւնը յայտնեց:

Հանդիպումէն ետք Եունան պատրիարքը բարձր գնահատեց նախագահ Աունի ճիգերն ու ջանքերը` փտածութեան դէմ պայքարելու եւ բարեկարգում իրականացնելու առումով` աւելցնելով, որ ան ասորի կաթողիկէ համայնքի զաւակներուն կարողութիւնները զետեղած է նախագահ Աունի տրամադրութեան տակ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ ուքրանական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ ուքրանացի երեսփոխան Սերկէյ Սոպոլիվի եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Իհոր Օսթաշի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց երկկողմանի յարաբերութիւնները` շեշտելով զանոնք ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ Լիբանանի կողմէ սեպտեմբերին գումարուելիք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առաջադրուելիք Մերձեցման եւ երկխօսութեան մարդու ակադեմիայի հիմնումին` Ուքրանիայէն խնդրելով զօրակցիլ այդ ծրագիրին, որուն նպատակն է երկխօսութեամբ ամրապնդել խաղաղութիւնն ու ժողովուրդներուն միջեւ մերձեցումը:

Իր կարգին, Սոպոլիվ շեշտեց, որ Ուքրանիա կը փափաքի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդել, յատկապէս տնտեսական առումով: Ան դրուատեց նաեւ Ուքրանիոյ մէջ լիբանանցիներուն դերակատարութիւնը` ընդգծելով լիբանանեան-ուքրանական ընկերային եւ մշակութային յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Քարիմ Բագրատունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Նախորդը

Պըրրի. «Ծովային Սահմանագծում Կատարելու Իմաստով Դրական Զարգացումներ Կը Սպասուին»

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ. Կառավարութիւնը Վաղը Պիտի Գումարէ Պետական Ամավարկին Վերաբերող Այլ Նիստ Մը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.