Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգութիւն Յայտնած Է Փաշինեանին` Դատարաններու Մուտքերը Փակելու Կոչին Առնչութեամբ

May 22, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը անդրադարձած է Հայաստանի ներքաղաքական դաշտին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն, մասնաւորաբար վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` դատարաններու մուտքերը արգելափակելու վերաբերեալ կոչին:

ԵԽԽՎ-ի Հայաստանի մշտադիտարկման խումբի համազեկուցողներ Եուլիա Լուվոչքինան եւ Անտրէյ Շիրցել, մեկնաբանելով Փաշինեանի` 19 մայիսին իր աջակիցներուն ուղղած կոչը, նշած են, թէ իշխանութիւնները պէտք է զերծ մնան այնպիսի գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան ընկալուիլ իբրեւ ճնշում դատական համակարգին վրայ:

«Մենք կ՛ուզենք ընդգծել, որ դատական համակարգի անկախութիւնը օրէնքի գերակայութեան նախապայման է, եւ որ, հետեւաբար, օրէնքի գերակայութիւնը լաւագոյնս կը գործէ քաղաքական դերակատարներու կողմէ որեւէ միջամտութեան բացակայութեան պարագային», ըսած են համազեկուցողները` նկատել տալով, որ վիճելի թուացող դատական վճիռները վիճարկելու համար կան յստակ իրաւական հոլովոյթներ:

Համազեկուցողները ընդգծած են, որ օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ յարգանքը կ՛ենթադրէ նաեւ յարգանք այն հոլովոյթներու նկատմամբ, որոնք գոյութիւն ունին բոլոր քաղաքացիները պաշտպանելու համար` անկախ անկէ, թէ անոնք ովքեր են:

«Այնուամենայնիւ, մենք կ՛ընդունինք, որ տուեալ դատական վճիռին վերաբերեալ հանրութեան արձագանգը կ՛ընդգծէ հանրութեան կողմէ դատական համակարգի նկատմամբ հանրութեան կողմէ վստահութեան տակաւին ցած մակարդակը», նշած են համազեկուցողները:

Միեւնոյն ժամանակ շեշտած են, որ դատական համակարգի բարեփոխումները կը շարունակեն առաջնահերթութիւն ըլլալ, ուստի` իրենք կ՛ողջունենք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` այդպիսի բարեփոխումներ կատարելու, փտածութեան դէմ պայքարելու վերաբերեալ յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ բոլորը Եւրոպական խորհուրդի օգնութեամբ իրականացնելու ցանկութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

«Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան Խորհրդարանական Գործընկերութեան Յանձնախումբ»-ը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ

Յաջորդը

Հանրային Խորհուրդ. «Նման Գործելաոճ Չի Բխիր Իրաւական Պետութիւն Կառուցելու Եւ Խնդիրները Բացառապէս Օրէնքով Լուծելու Սկզբունքներէն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.