Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Պրիւքսելի մէջ յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները մայիսի աւարտին շրջան պիտի այցելեն: Այս լուրը կը հաղորդէ «Ռիփորթ.ազ» լրատուականը:
«Մենք տակաւին կը ծրագրենք համանախագահներուն այս ամսուան աւարտին շրջան տալիք այցելութիւնը: Օրակարգի վրայ պիտի ըլլայ նախարարներու հետ հանդիպումը, սակայն պէտք է նախապատրաստել անոր: Աւելի կանուխ ըսած եմ, թէ համանախագահ երկիրներէն մէկուն կողմէ առաջարկ կայ նախարարներու մակարդակով հանդիպում կայացնելու, սակայն անհրաժեշտ է կազմակերպել ատիկա», ըսած է Մամետեարով:



