Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սֆէյր Պատրիարք Առողջական Հարցեր Ունի, Սակայն Վիճակը Կայուն Է

May 9, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ երեկոյեան լուրեր շրջան ըրին այն մասին, որ մարոնիներու նախկին պատրիարք Նասրալլա Պութրոս Սֆէյր վախճանած է, սակայն թէ՛ անոր բժիշկը` Էլիաս Սֆէյր, եւ թէ՛ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը հաստատեցին, որ ան, առողջական բարդութիւններ ունեցած ըլլալով,  փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր անհրաժեշտ բժշկական խնամքը կը ստանայ` բժիշկներու հսկողութեան տակ:

Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան այցելեց «Օթել տիէօ» հիւանդանոց, որպէսզի մօտէն հետեւի Սֆէյր պատրիարքին վիճակին: Հոնկէ դուրս գալու ատեն լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան շեշտեց, որ նախկին պատրիարքը կենդանի է, բժշկական հոգատարութեան ենթակայ է` կոչ ուղղելով բոլորին անհիմն լուրեր տարածելու փոխարէն աղօթելու անոր շուտափոյթ ապաքինման ի խնդիր:

Տոքթ. Էլիաս Սֆէյր իր կարգին դիտել տուաւ, որ Սֆէյր պատրիարքին առողջական վիճակը բաւական զգայուն է, ան թոքերու եւ մէզի բորբոքում ունեցած է, ինչ որ պատճառ դարձած է այլ բարդութիւններու: Ան ըսաւ, թէ նախկին պատրիարքին վիճակը կայուն է, նման հարցեր ունեցած էր նաեւ նախորդ տարի, սակայն շրջանցած ու կրկին ոտքի կանգնած էր` մաղթելով, որ այս անգամ եւս անցողակի ըլլան այս հարցերը: Անոր համաձայն, իրենք Սֆէյր պատրիարքին առողջական վիճակին մասին տեղեակ պահած են Ռայի պատրիարքը, որ սկզբունքով պիտի ճամբորդէր 8 մայիսի երեկոյեան, սակայն ան յետաձգած է ճամբորդութիւնը, որպէսզի նախկին պատրիարքին կողքին ըլլայ:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Հաւանաբար Ուրբաթ Օր Աւարտէ Պետական Ամավարկի Քննարկումն Ու Վաւերացումը

Յաջորդը

«Սահմանափակ Եւ Միջին Եկամուտ Ունեցողներու Իրաւունքներուն Ոչ Մէկ Ձեւով Պիտի Դպչինք» Կ՛ըսէ Նեպիհ Պըրրի

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.