Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Մայիս 1969)

May 4, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անդրադարձ

(Ապրիլ 24-էն Ետք)

Նոր սերունդը` ան, որ յիսունը լրացուցած է արդէն եւ կը գտնուի վաթսունի հրուանդանին առջեւ, ապրիլ 24-ը չտեսաւ, բայց ապրեցաւ, կ՛ապրի ու պիտի ապրի իր ժողովուրդին մեծ, նոյնիսկ մեծագոյն այս ողբերգութիւնը:

Աչքով չտեսաւ Եղեռնը, սակայն անշուշտ տեսաւ հոգիով, ջիղերով եւ ցեղային առհաւութեամբ:

Այս սերունդն է անցեալին աւանդապահը եւ կոչումը ունի յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու յիշատակը, գոնէ յիշատակը անասելի ողբերգութեան եւ Եղեռնին:Որեւէ ժողովուրդ չի կրնար մոռնալ իր նահատակները, որոնք ինկան վասն ազգի եւ հայրենեաց: Ու ինկան ո՛չ թէ մեռնելու, այլ` ապրելու եւ յաւերժ ապրեցնելու համար ցեղին ոգին:

Որեւէ ժողովուրդ չի կրնար մոռնալ նաեւ իր հերոսները, որոնք յաղթանակի վերածեցին պարտութիւնը եւ բոպիկ ոտքերով հայրենիք ստեղծեցին:

Հայրենիքը խորհրդանշանն է նահատակներուն եւ հերոսներուն: Եւ ո՛վ որ կ՛ուրանայ մէկը կամ կը թշնամանէ միւսը, պարզապէս ուրացած եւ թշնամանած կ՛ըլլայ հայրենիքը:

Նահատակութիւնը կամաւոր զոհաբերում մըն է, հերոսութիւնը այդ զոհաբերութեան յաղթանակն է:

Եթէ միայն նահատակներ ունենայինք` առանց հերոսներու, մեր պատմութիւնը պիտի դառնար «մատեան ողբերգութեան»:

Եթէ միայն հերոսներ ունենայինք` առանց նահատակներու, յայնժամ մեր պատմութիւնը կրնար դառնալ «աստուածներու ողբերգութիւն»:

Չկայ ժողովուրդ, որ նահատակներ չունենայ, ինչպէս չկայ ժողովուրդ, որ հերոսներ չունենայ:

Իրական ողբերգութիւնը այն է, երբ արիւնը կը թափուի` առանց յոյսի կամ յաղթանակը կը շահուի` առանց արիւնի:

Անարիւն յաղթանակներ չկան, չեն եղած արարչագործութեան առաջին դարէն սկսեալ:

Ապրիլ 24-ը ողբերգութիւն մըն էր իր տառական իմաստով, Սարդարապատը, այլ խօսքով` մայիս 28-ը, յաղթերգութիւն մըն է` դարձեա՛լ տառական իմաստով:

Մէկը մեռնիլ գիտնալ էր, միւսը ապրիլ գիտնալ է:

Մեռնելով մահուան յաղթելն է իրական յաղթանակը:

Մենք այս յաղթանակը շահեցանք ո՛չ միայն մեր նահատակներով, այլեւ` մեր հերոսներով: Այսինքն` ո՛չ միայն շնորհիւ մեռնիլ գիտցողներուն, այլ` շնորհիւ ապրիլ գիտցողներուն:

Թշնամին կրակի տուաւ մեր քաղաքները, մենք հազիւ միայն կրցանք անոր յարդանոցը այրել: Սուրի տասը հարուածի դէմ մենք դաշոյնի հարուած մը միայն կրցանք ուրուագծել: Սակայն ունինք այն մխիթարանքը, որ եթէ չկրցանք պատուհասել բոլոր ոճրագործները, գոնէ կրցանք ոճիրը պատժել ոճրագործի անձին մէջ:

Մովսիսական օրէնքը` աչքի տեղ աչք եւ ակռայի տեղ ակռայ, մեր աշխարհն է, երկրային կեանքն է: Քրիստոսի պատգամը` շապիկդ ուզողին վերարկուդ ալ տուր, աշխարհը չէ, երկինքն է: Երկրային կեանքը չէ, երկրնային կեանքն է:

Բայց մենք կ՛ապրինք ո՛չ թէ երկնքի, այլ երկրի մէջ: Ո՛չ թէ դրախտի, այլ` դժոխքի մէջ:

Դժոխքի մէջ ապրողը կրնայ մտածել դրախտի մասին, բայց դրախտի մէջ ապրողը չի կրնար մտածել դժոխքի մասին:

Մենք երկնքի այս երկու պարունակներն ալ տեսանք: Դժոխքի մէջ մտածեցինք դրախտի մասին, եւ դժոխքը մեզի թուեցաւ քաւարան:

Հիմա կը գտնուինք այս երկու պարունակներուն հանդիպման կէտին վրայ: Մէկ կողմը Լեթէն է` «գետ մոռացութեան, յոր ըմպէին ստուերք մեռելոց եւ մոռանային զբովանդակ զանցեալն կենաց իւրեանց, որ յաշխարհի աստ»: Միւս կողմը եդեմական պարտէզն է` արքայութեան նախադուռը, ուր անցեալը ներկան է, եւ ներկան ապագան է:

Յոյս ունինք որ անցած ենք կամ անցնելու վրայ ենք Լեթէն եւ կը գտնուինք արքայութեան նախադրան առջեւ:

Կը զգանք, որ կանք այս պահուն, եղած ենք անցեալին ու պիտի ըլլանք ապագային ալ: Եւ այս է կարեւորը: Եւ այս է միակ կարեւորը` Լինե՛լ:

Երբ հիննայ, յուշ դառնայ այս ամբողջ պատմութիւնը, որ սկսաւ յիսուն տարի առաջ կամ յիսուն դար առաջ, մարդիկ պիտի սկսին դատել մեր դարաշրջանը, մեզմէ առջի դարաշրջանը  մեզմէ ետքի դարաշրջանն ալ: Այն ատեն փետուրէ գրիչով մագաղաթի վրայ պիտի գրուի սա՛ երկու տողը, «Լէոնիտաս յաղթուեցաւ պատերազմի դաշտին վրայ, բայց յաղթեց պատմութեան դաշտին վրայ»:

Լէոնիտասը մենք ենք:

Թշնամիին վրիպումը իր նպատակին մէջ` մեր բարոյական յաղթանակն է: Եւ այս յաղթանակն է ամէնէն տեւականը:

Քրիստոս եթէ չխաչուէր, հաւանաբար իրմէ զատ քրիստոնեայ պիտի չգտնուէր աշխարհի վրայ:

Մենք հետեւեցանք Քրիստոսի օրինակին:

Քաղաքական երգիծանքի վարպետը` Յակոբ Պարոնեան, խօսելով Մուշի հայերուն դէմ տեղի ունեցած անլուր հարստահարութեանց մասին եւ խօսքը ուղղելով անոնց` կը գրէր մեզմէ շուրջ դար մը առաջ (1875):

«Ձեր հառաչանքներէն այնպէս կը հասկցուի, որ կուսակալը Մշոյ հայոց ոտքերն ու ձեռքերը կապել տուած է եւ քիւրտերուն ալ հրաման ըրած է, որ ասոնց արտերը, այգիները, դպրոցներն ու եկեղեցիները այրեցէք, աւերեցէք, քանդեցէք, կործանեցէք: Եթէ այսպէս է, բացայայտ ըսէք, իսկ եթէ` չէ, խոստովանեցէք, որ քիւրտերը եկեղեցին կողոպտած ատեննին մենք կը քնանայինք, որ` քիւրտերն ոչխարնիս տարած ատեննին մենք կը յօրանջէինք, որ` մեր ընտանեաց պատիւը բռնաբարած ատեննին մենք ասդին տամա կը խաղայինք»:

Ասիկա այլեւս երգիծանք չէր, այլ պարզապէս ըմբոստութեան հրաւէր էր: Պարոնեան չէր կրնար իր բուն անունով կոչել թշնամին, եւ հարկադրաբար թուրքը փոխարինած էր քիւրտով:

Պարոնեան մեղադրանքի բաժին մըն ալ ուղղած է Ազգային ժողովին եւ Պոլսոյ Կեդր. վարչութեան. «Խեղճերն անդին կը հարստահարուին, կը հալածուին, մենք ասկէ սահմանադրական հրահանգ կը ղրկենք անոնց…»:

Միայն Րաֆֆին կրնայ մրցիլ Պարոնեանի հետ` յեղափոխութեան իր ներբողով, թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` միա՛յն Պարոնեանը կրնայ մրցիլ Րաֆֆիին հետ:

Մուշի հարստահարութեանց մասին տեղեկատուութիւնը հրատարակուած է «Թատրոնի»-ի 1875 նոյեմբեր 8-ի թիւով: Երկու շաբաթ ետք, 1875 նոյեմբեր 22-ին: Պարոնեան քաջութիւնը կ՛ունենար գրելու. «Հայաստանէն հասած լուրերը վերջապէս կը յայտնեն, որ հարստահարութիւնը Մշոյ կուսակալ կարգուած է, որ` հարստահարութիւնն է Մուշը կառավարողը»:

Հիմա, Պարոնեանէն իննսուն այսքան տարի ետք, մենք ամօթ կը զգանք, երբ կը լսենք ու կը կարդանք սա՛ տեսակ հարցումներ.

– Ո՞վ է հայկական Եղեռնին պատասխանատուն:

Հարցումը ընողներուն ինքնութիւնը. կը հաստատէ, որ պատասխանը պիտի ըլլար

– ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Պատասխանատուն Թալէաթը չէր, Էնվերը չէր, Ճեմալը չէր, Պեհաէտտին Շաքիրը կամ տոքթ. Նազըմը չէ, Ապտիւլ Համիտն ալ չէր, այլ, միայն եւ միայն ՀՅ Դաշնակցութիւնն էր:

Ուրիշ բա՞ն է արդէն թուրքին ուզածն ալ…

Ֆրանց Վերֆել կը գրէր իր ծանօթ գործին մէջ տեղ մը.

«Այս պայմաններուն մէջ դժուար է հայ ըլլալը: Այս պայմաններուն մէջ միայն հայը կրնայ հայ ըլլալ»:

Այո՛, արդարեւ:

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մետաքսը` Ամէնէն Շքեղ Կերպասը (Ա. Մաս)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.