ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Նիւթական հարց մը պիտի քննարկէք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ: Մանրամասնութիւնները սերտեցէք նախքան որեւէ ձեռնարկի դիմելը:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Նոր սկիզբ մը պիտի դնէք ձեր կեանքին մէջ: Նոր ծրագիրի մը գործադրութեան պիտի սկսիք շուտով: Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ուշադիր եղէք, որ ձեզ չկողոպտեն: Բախտէ զուրկ շրջան մըն է, արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր ծրագիրները: Կանուխ գացէք աշխատանքի, որ ժամանակ շահիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ, եւ ձեր մտահոգութիւնները պիտի վերանան: Ձեր ընկերներէն մէկուն օգնութեան պիտի հասնիք: Պատրաստ եղէք որեւէ անակնկալի:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեզ տագնապեցնող հարցի մը դիմաց պիտի գտնուիք: Ձեր զայրոյթը յառաջացնող հարց մը պիտի ծագի: Դժուար շրջան մըն է, համբերութեամբ լուծեցէք ձեր հարցերը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ուրախ եւ յաջող օրեր պիտի ունենաք: Նոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Ամսուան բախտաւոր օրերէն մէկն է: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքի անդամներուն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ուրախ եւ համարձակ նոր քայլ մը պիտի առնէք ձեր գործին մէջ եւ յաջողութիւն պիտի արձանագրէք: Բոլոր առիթները օգտագործեցէք ձեր նպատակներուն հասնելու համար:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Դժուար պահեր պիտի ապրիք, նախընտրելի է, որ հարկ եղած բոլոր դասաւորումները կատարէք, որպէսզի դիւրաւ դուրս գաք ձեր հարցերէն: Բնաւ մի՛ տագնապիք ձեր տնօրէնին հետ հանդիպումի պահուն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր կողակիցին կամ սիրելիին հետ կարեւոր հարց մը պիտի քննարկէք: Առողջական անցողիկ հարց մը պիտի ունենաք: Դասաւորեցէք ձեր գործերը, որպէսզի թերացում չարձանագրէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Եթէ ամուսնացած չէք, նոր ծանօթութիւն մը պիտի ունենաք, որ պիտի փոխէ ձեր կեանքին ընթացքը: Պէտք է ներողամիտ գտնուիք ձեր շրջապատին նկատմամբ, որպէսզի կարենաք համերաշխութեամբ ապրիլ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Վիճաբանութիւններէն հեռու մնացէք եւ ձեր ջիղերը պինդ պահեցէք: Դասաւորեցէք ձեր ժամանակը եւ յարգեցէք ձեր ժամադրութիւնները:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Համարձակութեամբ պիտի արտայայտէք ձեր տեսակէտը: Լուսարձակները պիտի կեդրոնանան ձեր աշխատանքին վրայ: Անձնական ճնշումներ պիտի ունենաք, բայց ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ պիտի դասաւորուի:
