Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Կառավարութեան Ապրիլ 24-ը Յայտարարելու Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Ոգեկոչման Լիբանանեան Ազգային Օր

April 19, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ներկայութեամբ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի:

Հայկական երեսփոխանական պլոքը կոչ ուղղեց խիտ շարքերով մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով 24 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունենալիք քայլարշաւին, որ սկիզբ պիտի առնէ Պուրճ Համուտէն եւ հասնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար, Անթիլիաս:

Հայկական երեսփոխանական պլոքը կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան Ապրիլ 24-ը յայտարարելու Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչման լիբանանեան ազգային օր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ընդհանուր առմամբ երկրին տնտեսական կացութիւնը, ի մասնաւորի` 2019-ի պետական ամավարկը, ինչպէս նաեւ անոր բովանդակելիք կրճատումի քայլերը` նուազեցնելու համար նիւթական բացը եւ ուղղելու պետական գանձարկղի հաշիւները: Պլոքը հաստատեց լիբանանցի քաղաքացիին, յատկապէս համեստ եւ միջին դասակարգերուն, ինչպէս նաեւ սահմանափակ եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն ապրուստը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Փտածութեան դէմ մղուած պայքարի շրջագիծին մէջ, հայկական երեսփոխանական պլոքը զօրակցութիւն յայտնեց համապատասխան իշխանութիւններուն որդեգրած բոլոր քայլերուն` հաստատելով, որ պլոքը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ օժանդակելու այդ պայքարին` վարչական գործունէութիւնը արդիւնաւէտ դարձնելով, քաղաքացիին ծառայելով, օրէնքը գործադրելով եւ պետական վարչութիւններու գործառնութիւններուն մէջ պարկեշտութեան եւ թափանցիկութեան յանձնառու մնալով:

Հայկական երեսփոխանական պլոքը վերահաստատեց բնակարանային վարկերու ապահովումը վերաշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ս. Զատկուան տօնին առիթով, Հայկական երեսփոխանական պլոքը շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները` անոնց փոխանցելով ջերմ մաղթանքներ եւ Լիբանանին մաղթելով կայունութիւն, բարգաւաճում եւ յառաջդիմութիւն:

 

 

Նախորդը

«Լիբանանը Ամէնէն Ապահով Երկիրն Է» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

ՀՅԴ – Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւն Հանդիպում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.