Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակի Հրամանատարը Ընդունեց Փոմփէոն

March 25, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթ օր ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն, որուն ընկերակցեցան նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական  Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ:

Հանդիպումին ընթացքին Փոմփէօ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին ամերիկեան զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը պիտի շարունակուին` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակը Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական գործընկերն է` ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին առումով:

Իր կարգին, զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան կողմին` լիբանանեան բանակին նկատմամբ անոր վստահութեան համար, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց բանակին նկատմամբ ցուցաբերուած ամերիկեան զօրակցութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու համար:

Նշենք, որ նախքան իր մեկնումը, Փոմփէօ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ:

Միւս կողմէ, «Սքայ նիուզ»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Փոմփէօ շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է իմանան, թէ իրենք ստիպուած չեն Հըզպալլայի, անոր ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Իրանի հրահանգներուն ենթարկուիլ:

Փոմփէօ նշեց, որ Լիբանան սպառնալիքի տակ կը գտնուի, որովհետեւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի եւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանի կը փափաքին Լիբանանի վրայ իրենց հակակշիռը բանեցնելով Միջերկրական ծով հասնիլ:

«Այս իմաստով Միացեալ Նահանգներ եւ ամբողջ աշխարհը պատրաստ են օժանդակելու Լիբանանին», հաստատեց ան:

 

 

Նախորդը

Խալիլ. «Բոլոր Նախարարութիւններուն Պիւտճէները Սեղմելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացած Է»

Յաջորդը

Տէյր Քամարի Մէջ. Զղջումի Եւ Ներողամտութեան Ս. Պատարագ` Հովանաւորութեամբ Նախագահ Աունի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.