Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Անճէյ Քասփրչիքի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Վերաբերող Հարցեր

March 23, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Այս մասին կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին առնչուող հարցեր: Կողմերը կարեւոր նկատած են փոխադարձ վստահութեան եւ խաղաղ հոլովոյթի համար անհրաժեշտ մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղուած քայլերու  իրականացումը:

Հանդիպում` Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին:

Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է Թրէյսին, շնորհաւորած զայն նոր պաշտօնին նշանակուելու առիթով եւ մաղթած յաջողութիւններ դիւանագիտական առաքելութեան մէջ: Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը մեծապէս կարեւոր կը նկատէ Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերութեան շարունակական զարգացումն ու ընդլայնումը, այդ կարգին` քաղաքական եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ: Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանը հաստատակամօրէն կը շարժի  ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման, փտածութեան, մենաշնորհներու դէմ պայքարի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խօսքի ազատութեան ուղղութեամբ ու կարեւոր նկատած նշուած մարզերուն մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութիւնն ու միացեալ ծրագիրներու իրականացումը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Լին Թրէյսի նշած է, որ իրեն համար պատիւ է հանդիպիլ վարչապետ Փաշինեանին եւ վերահաստատել Միացեալ Նահանգներու ամուր աջակցութեան յանձնառութիւնը ինքնիշխան Հայաստանին` ժողովրդավարական օրակարգի, հակափտածութեան ջանքերու, տնտեսական ու շրջանային, ինչպէս նաեւ միջազգային անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ շարունակական համագործակցութեան հարցերուն մէջ: Թրէյսի վստահեցուցած է, որ պաշտօնավարման ընթացքին պիտի ներդնէ  անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը` նպաստելու նաեւ երկկողմանի տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման:

Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Լին Թրէյսի միտքեր փոխանակած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման եւ շրջանային նշանակութեան այլ նիւթերու շուրջ:

 

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Մերժէ Մատրիտեան Սկզբունքները

Յաջորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Հայաստանն Ու Արցախը Պէտք Է Ռազմավարական Համաձայնագիր Ստորագրեն»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.