Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Քաղաքացիի Յատուկ Օր Ճշդելու Փափաքը Տրամաբանական Չեմ Գտներ»

March 22, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը ոչ թէ պէտք է ամրագրէր Քաղաքացիի օրը, այլ իր ամէնօրեայ աշխատանքով, իրական բարեփոխումներով ապացուցէր, որ այդ օրը եւ առհասարակ տարուան 365 օրերը քաղաքացիի օրեր են: «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` անդրադառնալով կառավարութեան որոշման` ապրիլ ամսուան վերջին շաբաթ օրը իբրեւ Հայաստանի քաղաքացիի օր նշելու առումով: Ըստ անոր, նկատի ունենալով այս իրականութիւնը, որ ամէն օր քաղաքացիի օր պէտք է ըլլայ, նման որոշում նպատակայարմար ու տրամաբանական չի նկատեր:

Անդրադառնալով Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի այն յայտարարութեան, թէ քաղաքացիի օրը նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ երկրորդ կարեւոր օրը պիտի ըլլայ անկախութեան տօնէն ետք, Սաղաթէլեան ըսած է, թէ մտահոգիչ է, որ իշխանութիւնները կը շարունակեն ընթանալ այն գիծով եւ չեն հասկնար, որ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը 2018 թուականի ապրիլէն չի սկսիր: «Մենք ունինք Առաջին հանրապետութեան անկախութեան օր, ունինք Բանակի օր, Շուշիի ազատագրման օր եւ այլն, ինչպէ՞ս կարելի է այդ տօներուն կարեւորութեան մէջ տարբերութիւն դնել կամ դասակարգել առաջինի, երկրորդի, երրորդի», նշած է Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան աւելցուցած է. «Բանակի օրն ալ Հայաստանի քաղաքացիի ու ընդհանարապէս հայ ժողովուրդի օր է, մայիս 9-ն ալ, ուստի այդ տօները ստորադասելը անհասկնալի է»: Սաղաթէլեան նշած է, որ կրթութեան նախարարին համար շատ աւելի կարեւոր պէտք է ըլլայ Ուսուցիչի օրը:

Խօսելով այն մասին, որ ապրիլի վերջին շաբաթ օրը կրնայ համընկնիլ ապրիլ 24-ին` Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան, Սաղաթէլեան հաստատած է, որ ապրիլ 23-ը եւ 24-ը իրենց համար պահանջատիրութեան օրեր են:

«Ապրիլ 23-ն ու 24-ը մեզի համար իսկական քաղաքացիի պահանջատիրութեան օրեր են: Արդէն աւելի քան 20 տարի է ՀՅԴ ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւնները այդ օրը վերածած են պահանջատիրութեան օրուան եւ աւանդական ջահերով երթ կը կատարեն: Մենք այդ խորհրդանիշով ու տրամաբանութեամբ կը գործենք», եզրափակած է ան:

 

 

Նախորդը

Դաւիթ Իշխանեան. «Մեզի Համար Ուղղորդող Են ՀՅԴ-ի Տեսակէտները` «Զարգանալ Չզիջելով»

Յաջորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ահազանգէ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հոլովոյթին Մէջ Էրտողանի Վարչակարգի Միջամտութիւնը Այլեւս Անընդունելի Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.