Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցին Եւ Պատրիարքին «Զիմ Պատկեր Նկարել»-ը

March 22, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղղիա

Հայկական ակադեմիա-սրճարանն էինք: Կը լսէի զոյգ հայերէնները, թրքերէն, ֆրանսերէն, քրտերէն: Արմենակ խօսելու փափաք ունէր: Ե՞րբ չէ ունեցած:

– Մակա՛ր, գիտես, գեղանկարի, դրամի, դրոշմաթուղթի, զէնքերու հաւաքածոյ կազմող հայեր կան: Դեռ ոչ ոք մտածեց հաւաքածոյ մը կազմել երեսուն տարիէ ի վեր Հայաստանի վերականգնման համար արտայայտուած միտքերուն: Երկրաշարժի թէժ օրերուն, հիւրանոցը, նախաճաշի պահուն, կը հանդիպէինք տարբեր երկիրներէ իրենց նորոյթ սեւ սամսոյնայդներով եկածներու: Զիրենք դիմաւորողներուն հետ կ’երթային, կու գային: Կ’ըսէին. Հայաստանի օգնել, աւերուած քաղաքները վերակառուցել, աշխատատեղեր ստեղծել եւ տուրիզմը քաջալերել:

– Լա՛ւ էր, Արմենա՛կ, շատեր յիշեցին, որ ծագումով հայ էին:

– Միսիոնարներ: Աւանդութիւնը կը շարունակուի: Բայց քանդուած քաղաքները չեն վերականգնած, եթէ չխաբուինք հեռատեսիլի համար կոսմետիկ խնամքով պատկերներէն: Տուրիզմը յաջողած է, ան ալ` մայրաքաղաքի մայթերու ճաշարաններով եւ սրճարաններով, որոնք չկան Գիւմրի, Իջեւան, Գորիս, Ալլավերտի, նոյնիսկ կողքի Աշտարակ կամ Եղվարդ: Կը ժամանեն եւ կը մեկնին փրկարարներ, մեծ հիւրանոցներու խելք բաժնողներ, միշտ փոխուող ղեկավարներու հետ նկարներ: Յետոյ ի՞նչ. սփիւռք(ներ)ի շուկային համար բարենիշ:

– Չուրանանք, Երեւանը ծաղկեցաւ,- ըսի:

– Ճի՛շդ ես: Նախաձեռնութիւնները Երեւանի պատերու ետին են, intra muros, անդին` գիւղ եւ քաղաք մնացած են անջրպետային հեռաւորութեան վրայ:

Արմենակ սուրճը կուլ տուաւ եւ շարունակեց.

– Կը յիշեմ պատմուած դրուագ մը: 19-րդ դարուն Պոլիս պատրիարքական պայքարներ եղած են, կ’ընտրէին, կը հրաժարեցնէին: Արքեպիսկոպոս եւ եպիսկոպոս չէ մնացած, ընտրուած են եւ վար առնուած: Գաւառէն վարդապետ մը կ’ընտրեն: Գիտե՞ս, պատրիարքարան «Ծաղկեայ դահլիճ» մը կայ, ուր դրուած են պատրիարքներու գեղանկարները: Ինչպէս հարկն է, գաւառի երեւելիները, իրենց կարեւորութիւնը եւ փէշերը հաւաքած, կ’երթան նորընտիր պատրիարքը շնորհաւորելու: Հեղինակաւոր մը կը հարցնէ. «Հա՛յր սուրբ, հիմա որ պատրիարք եղաք, Պոլիս երթաք, ի՞նչ պիտի ընէք»: Հանդիսաւոր պատասխան: Կ’ըսէ. «Երթամ զիմ պատկեր նկարել»: Այն օրերուն համացանց չկար: Այլապէս ինք Պոլիս չհասած իր պատկերը աշխարհի շրջանը ըրած կ’ըլլար:

– Հայաստան կ’երթաս ու կու գաս, զաւեշտ շատ կը սիրեն երեւանցիները: Բեմադրիչի մը պատմէ ասիկա:

– Հայաստանցին կո՞յր է: Գիտեն: Դուն սփիւռքի կարեւոր եւ անկարեւոր տուրիստներուն պէտք է հասկցնես, որ պէտք է Գիւմրի ալ երթան, աւերակներուն առջեւ նկարուին եւ անժպիտ վերադառնան Պեւըրլի Հիլզ, Մանհաթան, Քոթ տ’Ազիւր, եւ վերջ տան զիմ պատկեր նկարելու բարեսիրութեան եւ քաղաքականութեան:

– Եթէ այդ ըսենք, տուրիստ ալ չի մնար, Երեւանն ալ կը դառնայ Արմաւիր:

– Մակա՛ր, զիմ պատկեր նկարել քաղաքական անմահութիւն է… Յիշէ՛ հոսհոսները, ինչպէս այսօրուան Այֆոնի եւ Ֆէյսպուքի ազգայինճիները: Անցեալին երջանիկ էինք, գրողի եւ բանաստեղծի հետ կը նկարուէինք: Հիմա` փոխուող անծանօթ կարեւորներու հետ: Ալպոմներու մէջ տեղ պիտի չմնայ:

29 յունուար 2019

 

Նախորդը

Երեք Արժէքներ, Որոնք Ձեւաւորած Են Սինկափուրը

Յաջորդը

Չինաստանի «Փափուկ» Քաղաքականութիւնը` Ժապաւէններուն Միջոցով

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.