Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանի «Փափուկ» Քաղաքականութիւնը` Ժապաւէններուն Միջոցով

March 22, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Անցեալ տարեշրջանին Չինաստանէն երեք ժապաւէններ մեծ արձագանգ ստեղծեցին, ժապաւէններ, որոնց ետին կանգնած էր քաղաքական նպատակ, որ կ՛արտացոլացնէր Չինաստանի հետագայ քայլերը` տնտեսական եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ: Այս հակիրճ յօդուածով կ՛ուզեմ անդրադառնալ այս ժապաւէններուն:

Առաջինը «Չինաստանի առեւտրականը» (China Salesman) ժապաւէնն է: Ժապաւէնը կ՛անդրադառնայ, թէ ինչպէ՛ս չին առեւտրական մը Ափրիկէի մէջ ճնշումներու եւ հարուածներու կ՛ենթարկուի եւրոպական ընկերութիւններու կողմէ, որոնք կը փորձեն զայն սպաննել, սակայն կը ձախողին: Չին առեւտրականը տարբեր միջոցներով կը բացայայտէ անոնց փտածութիւնը, եւ անոր գործը կ՛արժանանայ գնահատանքի` բաւական մեծ զոհողութիւններէ ետք: Ժապաւէնին միջոցով Չինաստանի պետութիւնը յստակ պատգամ մը կը յղէ արեւմտեան պետութիւններուն, որ ներկայիս ինք հզօր տնտեսական շահեր ունի Ափրիկէի մէջ, եւ միեւնոյն ատեն կը զգուշացնէ զանոնք որեւէ հակաչինական արկածախնդրութենէ:

Երկրորդ ժապաւէնը «Կարմիր ծովու գործողութիւն»-ն (Operation Red Sea) է, որուն նիւթը կը վերաբերի Եմէնի մէջ ծաւալած պատերազմին, Չինաստանի մարդասիրական օժանդակութեան եւ իր զինուորներուն պատրաստակամութեան` օգնելու ժողովուրդին եւ հարուածելու ահաբեկիչները: Ըստ ժապաւէնին, աւելի քան 250 օտար եւ 650 չին քաղաքացիներ, ներառեալ` դիւանագէտներ, պաշարուած են Եմէնի Ատեն քաղաքին մէջ` ահաբեկիչներուն կողմէ, սակայն չինական ծովուժը գործակցելով կառավարական եւ օրինական ուժերուն հետ` կը յաջողի ազատել զանոնք: Ժապաւէնին միջոցով Չինաստան որոշ տուեալներ տուաւ իր ծովուժին պատրաստակամութեան մասին, ինչպէս նաեւ որոշ պատգամներ հասցուց շրջանին մէջ ամերիկեան ծովուժին: Նշենք, որ այս շրջանին մէջ ամերիկեան ծովուժը բաւական գործուն է, իսկ Չինաստան վերջերս արդէն իսկ Ճիպութիի մէջ ռազմակայան մը կառուցած է:

Վերջապէս, «Չին խաղաղապահ ուժերը» (Chinese Peacekeeping Forces), որուն հիմնական նպատակն է դիտողը ծանօթացնել չին խաղաղապահ ուժերու մարդասիրական գործունէութեան: Չինաստան այս ժապաւէնով կը փորձէ համոզել Ափրիկէի երկիրները, որ ինք կայսերապաշտական քաղաքականութիւն չի հետապնդեր, այլ իր ուժերը խաղաղութիւն եւ կարգ ու կանոն կը հաստատեն Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան դրօշին տակ: Ժապաւէնին մէջ նաեւ գնահատելի են չինական խաղաղապահ ուժերուն կարգապահութիւնն ու  զոհողութիւնը` պաշտպանելու համար ճնշուած գիւղացիներուն իրաւունքը ահաբեկիչներուն դէմ:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Չինաստան կ՛օգտագործէ շարժապատկերի աշխարհը` մեզի  ծանօթացնելու համար իր հետագայ նպատակներուն: Հեռու չէ, որ այս բոլորը օր մը իրականութեան վերածուին:  Չինաստան կ՛աշխատի այս ուղղութեամբ:

[email protected]

 

 

Նախորդը

Կեդրոնականցին Եւ Պատրիարքին «Զիմ Պատկեր Նկարել»-ը

Յաջորդը

Ժառանգաբուխ Ափ Մը Հաւատք

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.