Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1969)

March 16, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Սպասում

Մեր օրերուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ ըլլալը` չի նշանակեր միայն երկրի մը բարձրագոյն իշխանութիւնը վարել: Այնպէս է դասաւորումը աշխարհի գործերուն, որ այդ պարտականութեան կոչուած մարդը իր ուսերուն վրայ առած է նաեւ ծանր բեռը համաշխարհային բարդ խնդիրներու, որոնց լուծումը կախում ունի, լայն չափով, դիւանագէտի, ռազմավարի եւ այդ խնդիրները ըմբռնելու կարողութենէն:

Հազուադէպ պարագաներու միայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ մը այնքան համարում վայելած է իր պաշտօնավարութեան առաջին օրէն սկսեալ, որքան` Նիքսըն: Տարբեր էր պարագան Ճոն Քենետիին. ան ուրիշ բան բերած էր իրեն հետ ու տարաւ իր վաղաժամ մահով: Նոր դասակարգի մը պատկանող պետական մարդոց շարքին մէջ Քենետի վերջին նմուշներէն մէկն էր: Հիմա միայն տը Կոլ արժանաւորապէս կը պաշտպանէ անհետացող սերունդի մը դիրքերը: Այսօրուան պետական մարդիկը թեքնոքրաթներ են` գլխաւորութեամբ Նիքսընի,  Քոսիկինի եւ Ուիլսընի: Մարդիկ, որոնք արհեստավարժ հմտութեամբ կը մօտենան միջազգային խնդիրներուն, գերազանցապէս իրապաշտ են, որովհետեւ այդպէս կը պահանջէ գիտութեան եւ թեքնիքի ներկայ ժամանակաշրջանը, ուր պետական մարդէն սպասուածը պաղարիւն դատումն է հարցերուն եւ անսայթաք գործադրութիւնը` ծրագիրներու:

Նիքսըն պետական նոր մարդու այս տիպարին հարազատ ներկայացուցիչներէն մէկն է: Պաշտօնավարութեան սկսելէ անմիջապէս ետք Եւրոպա կատարած իր ճամբորդութեամբ, Միացեալ Նահանգներու նախագահը վարուեցաւ այնպէս, ինչպէս պիտի վարուէր մեծ ընկերութեան մը ներկայացուցիչը, որ կը ղրկուի արտասահմանեան շուկաները ուսումնասիրելու համար:

Ըստ երեւոյթին, այսպէս աւելի լաւ է, որովհետեւ աւելի համապատասխան է այն ակնկալութիւններուն, որ մարդկութիւնը ունի աշխարհի ճակատագիրը վարող դէմքերէն:

Հիմա ամբողջ աշխարհ սպասումի մէջ է: Ի՞նչ պիտի ընէ Նիքսըն: Եւ ընդհանուր տպաւորութիւնը այն է, Արեւելքի թէ Արեւմուտքի մէջ, թէ անոր պաշտօնավարութեան չորս տարիներուն Ուաշինկթըն պիտի աշխատի հետամուտ ըլլալ հաւասարակշռուած քաղաքականութեան մը` այն հիմնական մտածումով, որ բոլոր ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն մըն է ջերմակորիզային զէնքերու սպառնալիքը վանելու համար:

Բայց, խաղաղ համակեցութիւն` առանց արդարութեան, կարելի ըլլալով հանդերձ առժամապէս, չի կրնար տեւական բնոյթ տալ այն խաղաղութեան, որմէ դուրս փրկութիւն չկայ մարդկութեան համար: Արդարութիւն` ոչ միայն ժողովուրդներու ազգային ինքնորոշման հարցերուն կապակցութեամբ, այլ նաեւ` մտահոգութիւն ունենալով այն խրամատը, որ ներկայիս գոյութիւն ունի անօթի ժողովուրդներու եւ յղփացած ժողովուրդներու միջեւ, զայն աստիճանաբար վերցնելու առաջադրանքով:

Ամերիկա իր անսահման հնարաւորութիւններով շատ բան կրնայ ընել այս ուղղութեամբ եւ այս ակնկալութիւնն է, որ սպասումի վիճակին մէջ դրած է աշխարհի ժողովուրդները: Արդարութեան կարօտ բազմաթիւ խնդիրներ իրենց խաղաղ լուծումին կը սպասեն, ու անոնցմէ մէկը անկասկած Միջին Արեւելքի տագնապն է: Այս խնդիրին առնչութեամբ, յամենալ ճոնսընեան քաղաքականութեան մէջ` կը նշանակէ քաջալերել երկարաձգումը անբաղձալի կացութեան մը, որ առնուազն մտահոգիչ է աշխարհի կենսական շրջաններէն մէկուն անդորրութեան տեսակէտէն` առանց նկատի ունենալու միջազգային այն բարդութիւնները, որոնք կրնան հետեւանք ըլլալ նոր պայթումի մը:

Միջին Արեւելքի նկատմամբ ամերիկեան ուղիղ մօտեցում մը կրնայ նոր տուեալներ ընծայել այլ հարցերու բարւոք կարգադրութեան համար:

Այդ հարցերուն մէջ ամէնէն կարեւորը Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան յարաբերութիւններն են: Հիմա որ նախագահ Նիքսըն ամբողջական գաղափար մը պէտք է կազմած ըլլայ իր եւրոպական դաշնակիցներուն տրամադրութեանց մասին, շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ ամիսները յատկացնէ խորհրդային վարիչներուն հետ իր ունենալիք անխուսափելի խօսակցութեանց մանրակրկիտ եւ խնամուած պատրաստութեան:

Այլ խօսքով, սպասողական այս վիճակը քանի մը ամիս եւս պիտի տեւէ արդիւնաւոր խօսակցութիւններու փուլի մը յանգելու յոյսով:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան Ներկայացուց «Մեծ Պահքը» Նիւթը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.