Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշոտ Ղուլեան. «Հայատեացութիւնը Դարձած Է Ազրպէյճանական Ինքնութեան Անբաժանելի Մաս»

March 7, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայատեացութիւն. պատմական եւ ժամանակակից վերածնունդ» նիւթով գիտաժողովը, որուն ընթացքին զանազան դիտանկիւններէ քննարկուեցաւ տուեալ երեւոյթը: Գիտաժողովը կազմակերպուած է Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ «Թիւֆենկեան» հիմնադրամի ջանքերով, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Էլենի Թեոխարուսի աջակցութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինէն կը տեղեկացնեն, որ Արցախի Հանրապետութեան  խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ողջոյնի խօսքով դիմած է համաժողովի մասնակիցներուն` յատուկ ընդգծելով նման կարեւոր ձեռնարկի մը կազմակերպումը Եւրոպական խորհրդարանի շէնքին մէջ` իբրեւ կառոյց մը, որ ո՛չ միայն եւրոպական ընտանիքին մէջ ապրող ժողովուրդներու, այլեւ ամբողջ աշխարհին համար ժողովրդավարութեան օրինականութեան եւ համերաշխութեան յառաջամարտիկներէն է:

Իր խօսքին մէջ Աշոտ Ղուլեան անդրադարձած է այլատեացութեան` իբրեւ ժամանակակից աշխարհին մէջ մարդկութեան սպառնացող ամէնէն մեծ մարտահրաւէրներէն մէկուն դէմ միասնաբար պայքարելու անհրաժեշտութեան եւ շեշտած, որ այս ուղղութեամբ յաջողութեան կարելի է հասնիլ, եթէ բոլորին կողմէ ընկալելի ըլլայ այն գիտակցումը, որ այլատեացութեամբ թունաւորուած հանրութիւնը երբեք եւ որեւէ  պարագայի չի կրնար հասարակական եւ համամարդկային արժէք ստեղծել:

Այնուհետեւ, խօսելով Ազրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող հայատեացութեան քաղաքականութեան մասին` Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, որ այդ երեւոյթը դրացի երկրին մէջ  նոր չէ, աւելի՛ն` տարիներու ընթացքին անիկա դարձած է ազրպէյճանական ինքնութեան անբաժանելի մէկ մասը, իսկ չլուծուած տագնապի պայմաններուն մէջ, Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կ՛օգտագործուի իբրեւ սեփական ժողովուրդը մոլորեցնելու եւ Արցախի մասին թիւր տեղեկութիւններ տարածելու գործիք: Խորհրդարանի ղեկավարը խորհուրդ տուած է արտասահմանեան գործընկերներուն այցելելու Արցախ եւ ծանօթանալու իրավիճակին:

Ամփոփելով խօսքը` Աշոտ Ղուլեան համոզում յայտնած է, որ նման ձեւաչափով կազմակերպուած որեւէ միջոցառում կ՛օգնէ բացայայտելու համամարդկային զարգացման խոչընդոտող երեւոյթներու էութիւնը եւ միացեալ ջանքերով փնտռելու ու գտնելու ելքեր` բարդ իրավիճակներէ:

Տեղեկացնենք, որ գիտաժողովին Արցախէն մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ  Ալեքսանեանը, Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու  պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը, փորձագիտական եւ այլ ոլորտներու  շարք մը ներկայացուցիչներ:

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «ՀՅԴ-ն Պիտի Մասնակցի Ընտրական Օրէնսգիրքի Քննարկումներուն` Առաջարկներու Փաթեթով»

Յաջորդը

Եունքեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 2017-2020 Թուականներուն Համար Պիտի Տրամադրէ 176 Միլիոն Եւրոյի Աջակցութիւն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.