Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլայի Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Միջեւ Փոխըմբռնումի Համաձայնագիրի Ստորագրութեան Տարեդարձին Առիթով Հաւաք

February 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 փետրուար 2006-ին Մար Մըխայէլ եկեղեցւոյ մէջ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրի տարեդարձին առիթով նախանցեալ երեկոյեան նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան քաղաքական երկու ուժերուն ներկայացուցիչները:

Այս առիթով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ եւ Հըզպալլայի ներկայացուցիչ` խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթի ներկայ գտնուեցան հաւաքին, որուն ընթացքին ընդգծուեցաւ այդ համաձայնագիրին կարեւոր դերակատարութիւնը եւ շեշտուեցաւ անոր կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:

Քումաթի շնորհաւորեց բոլոր ներկաները համաձայնագիրի ստորագրութեան տարեդարձին առիթով` շեշտելով, որ քաղաքական երկու ուժերուն միջեւ ստորագրուած այդ համաձայնագիրը Լիբանանի համար տօն է:

Ան նշեց, որ այդ համաձայնագիրը պատրաստուած է վեց ամսուան ընթացքին չորս հոգիի կողմէ` իր, Պասիլի, Ղալեպ Ապու Զէյնապի եւ Զիատ Ապսի:

Քումաթի շեշտեց, որ 12 տարի տեւած փոխըմբռնումի այս համաձայնագիրը տակաւին շատ երկար պիտի տեւէ, որովհետեւ անիկա պատրաստուած է անկեղծութեամբ, փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ նուիրումով:

Քումաթի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն միայն Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը չէ, այլեւ` Արեւելքի մէջ հսկայ հեղինակութիւն մը:

«Մեր միջեւ տարակարծութիւնները պատճառ պիտի չդառնան այս համաձայնագիրին նկատմամբ մեր կառչածութեան խախտման, մենք այդ տարակարծութիւնները պիտի լուծենք եւ պիտի շրջանցենք` ի խնդիր այս ռազմավարական համաձայնագիրին», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Պասիլ շեշտեց, որ առանց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի զօր. Աուն հանրապետութեան նախագահ չէր դառնար, իսկ առանց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Հըզպալլա Իսրայէլի դիմաց չէր կրնար գոյատեւել:

Ան նշեց, որ 12 տարի շարունակ ամբողջ սերունդներ դաստիարակուած եւ հասակ նետած են իրարու նկատմամբ հանդուրժողութեամբ` շնորհիւ մեր եւ Հըզպալլայի միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրին:

Պասիլ ընդգծեց, որ այդ համաձայնագիրին շնորհիւ կարելի եղած է ներքին լիբանանեան խաղաղութիւնը պահպանել եւ Լիբանանը առաջնորդել արտաքին յաղթանակի` 2006-ին թշնամի Իսրայէլին յաղթելու:

«Հըզպալլայի հետ համագործակցութիւնը կը պահպանէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու Լիբանանը, հետեւաբար մենք կառչած կը մնանք փոխըմբռնումի համաձայնագիրին», շեշտեց Պասիլ:

 

 

Նախորդը

Ռայա Հասան Ստանձնեց Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը

Յաջորդը

Կրօնական Զբօսաշրջութեան Եւ Ուխտագնացութեան Վատիկանեան Գրասենեակը Պիտի Վերադառնայ Լիբանան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.