Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

January 30, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 29 յունուար 2019-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեան աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Եւրոնեսթ»-ի պատուիրակութեան անդամներուն եւ պատուիրակութեան նախագահ Մխիթար Հայրապետեանին հետ, Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ:

Հանդիպումի ընթացքին Հեղինէ Էվինեանը վերահաստատեց գրասենեակին պատրաստակամութիւնը լիովին օժանդակելու Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւններուն, որոնք կը գործուղուին Պրիւքսել կամ Սթրազպուրկ, մասնաւորապէս «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին գալիք պատուիրակութիւններուն:

Առաւօտեան Պրիւքսել հասած հայաստանեան պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ:

Ամփոփելով հանդիպումը` Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Եւրոպական խորհրդարանի անդամներէն զատ, «Եւրոնեսթ»-ին մէջ ներկայացուած են Արեւելեան գործընկերութեան դրացի երկիրներու (Մոլտովա, Ուքրանիա, Վրաստան, Հայաստան եւ Ազրպէյճան) խորհրդարաններու անդամները: Բնականաբար, իւրաքանչիւր երկրի պատուիրակութիւն կը փորձէ բանաձեւերը տանիլ հոն, ուր կը նպաստէ իր երկրի քաղաքականութեան: Հայանպաստ բանաձեւեր ստանալու համար շատ կարեւոր է ապահովել յատկապէս Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն աջակցութիւնը: «Եւրոնեսթ»-ի  հիմնադրման առաջին իսկ օրէն աշխուժ ներկայութիւն ըլլալով` Հայ դատի գրասենեակը յատկանշուած է օժանդակութիւն եւ աջակցութիւն բերելով այս գործին: Պատուիրակութեան նոր նշանակուած նախագահ պարոն Հայրապետեանը շնորհաւորելէ ետք, անոր հետ հանդիպման ընթացքին համաձայնեցանք, որ պէտք է պահել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողով-ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակ արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութեան բարձր մակարդակը, որ կը բխի միայն մեր ժողովուրդի եւ պետութեան շահերէն»:

ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

Անարգ Յարձակում Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայկական Դպրոցներու Վրայ

Յաջորդը

Արամ Մանուկեանի Մահուան 100-ամեակին Առիթով. Այցելութիւն Անոր Շիրիմին Եւ Յիշատակի Ոգեկոչում` Անոր Արձանին Առջեւ

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.