Արամ Մանուկեանի մահուան 100-րդ տարելիցը հոգիի կանչով անոր շիրիմին մօտ բերած էր ո՛չ միայն ՀՅԴ անդամները, այլեւ պետական անուանի գործիչին յիշատակը գնահատող բազմաթիւ հայորդիներ: Անոնք եւ մեր ժողովուրդը աւելի քան մէկ դար է, որ դասեր կը քաղեն Արամ Մանուկեան պետական գործիչի եւ պարզապէս օրինակելի ու հայրենասէր մարդու ապրած կեանքէն:
Դաշնակցական հրապարակագիր Վաչէ Բրուտեանը իր խօսքին մէջ յատկապէս կարեւոր նկատեց Արամ Մանուկեանի մարդկային, գաղափարական եւ պետականաշինութեան արժանիքները: Անոր կարծիքով` Արամը աճած էր գաղափարական աշխարհի այն մեծ ձուլարանին մէջ, որ ստեղծուած էր Դաշնակցութեան կողմէ: Ան առաջիններէն էր, որ գործնականօրէն ցոյց տուաւ, թէ ի՛նչ կը նշանակեն համաժողովրդական բանակ ըսուածը, ազգ-բանակ համագործակցութիւնը եւ պետականութեան արժէքը մասնաւորապէս հայ ազգին համար:
«Մենք նշեցինք Հայոց բանակի 27-ամեակը, իսկ այսօր` Արամ Մանուկեանի մահուան 100-րդ տարելիցը: Կարծես տարօրինակ զուգադիպութեամբ այդպէս եղաւ, որ կը թուի, թէ ան մեկնած է այս աշխարհէն` իր հիմնական գործը կատարած: Առաջին Հանրապետութեան եւ պետական բանակի հիմնադրման մէջ ան ստանձնած էր կեդրոնական գործառոյթ: Ան նաեւ այն գաղափարական կուսակցութեան ու դաշտի ներկայացուցիչն էր, որ կ՛առաջադրէր ազատագրել հայ մարդը բռնութիւններէ, հայութիւնը կը ցանկար համախմբել իր հայրենի հողին վրայ` զայն օժտելով պետականութեամբ, որովհետեւ միայն անկախ պետականութիւնը կրնայ երաշխաւորել ժողովուրդի ապահով եւ բարգաւաճ ապագան», ըսաւ Բրուտեան:
ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Խաչատուր Ստեփանեանը այսօրուան սերունդին համար հայրենանուէր գործունէութեան լաւագոյն օրինակը նկատեց Արամ Մանուկեանի կեանքը, անհատ մը, որ կը պատկանի ո՛չ միայն ՀՅԴ-ին` իր հայեացքներով եւ գաղափարներով, այլեւ ամբողջ հայութեան` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր` Արամ Մանուկեանի գաղափարակիցները հաւաքուած էին անոր արձանին մօտ` յարգանքի տուրք մատուցելու մեծ հայորդիի մահուան 100-րդ տարելիցին առիթով:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արամի դերակատարութեան, թէ՛ Վանի ինքնապաշտպանութեան օրերուն, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան մէջ: Ան ընդգծեց Արամի դերակատարութիւնը 1918-ի մայիսեան հերոսամարտերու կազմակերպման գործին մէջ. ինչպէս Արամը յաջողեցաւ միաձուլել ժողովուրդն ու զինեալ ուժերը` իբրեւ մէկ պաշտպանական բռունցք:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նաեւ շեշտեց Արամ Մանուկեանի կեդրոնական դերակատարութիւնը պետականութեան հիմնադրման մէջ` իբրեւ Յովհաննէս Քաջազնունիի կառավարութեան կազմին մէջ ներքին գործոց նախարար: Ան աւելցուց, որ Արամը կը մարմնաւորէր այն գաղափարական աշխարհը, որ ձեւաւորուած էր Դաշնակցութեան կողմէ: Ան մինչեւ իր մահը գործեց հաւատարիմ այդ գաղափարական սկզբունքներուն: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը կոչով դիմեց ներկաներուն` խոնարհելու Արամի վաստակին եւ յիշատակին առջեւ:
Այնուհետեւ իր խօսքը ներկաներուն ուղղեց ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան: Ան, դիմելով ներկաներուն, նշեց, որ այսօր Արամի արձանին մօտ ներկայ գտնուողներէն շատերը կը պայքարէին, որ վերջապէս Երեւանի սրտին մէջ վեր խոյանայ Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրին արձանը:
Գեղամ Մանուկեան յիշեցուց, որ կառավարութեան շատ մը ներկայացուցիչներ ամէն ինչ կ՛ընէին, որ այս արձանը չըլլայ, բայց ներկաներու յամառութեան շնորհիւ էր, որ վերջապէս Արամ Մանուկեանի արձանը իր տեղը գտաւ Երեւանի մէջ: «Ասիկա սոսկ արձան չէ, այլ ամբողջ գաղափար է` մեր անկախութեան, Առաջին Հանրապետութեան խորհրդանիշներու, պայքարի, աշխարհահայեացքի, ազգային գաղափարախօսութեան: Դեռ երկու ամիս առաջ նոյն այս վայրին մէջ հազարաւոր ընկերներ, համակիրներ, հայրենակիցներ հաւաքուեցան` խոստում տալով շարունակել անոր գործը: Ձեզմէ շատերը շաբաթներ շարունակ փորձեցին ժողովուրդին բացատրելի դարձնել անոր գաղափարներն ու ազգային իտէալները: Այսօր երջանիկ ենք, որ Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ հաւաքուած ենք, բայց նաեւ տխուր ենք, որ 600 տարուայ կորուստէն ետք պետականութեան հիմնադիրի` Արամ Մանուկեանի յիշատակը կը յարգենք այսպէս` միայն կամաւորներով, գաղափարակից ընկերներով, երիտասարդներով, որոնք պատանեկան տարիներուն սերտած են Արամ Մանուկեանը եւ կը գիտակցին, թէ ո՛վ է ան: Ցաւօք, այսօր եւս ոչ պետական մակարդակով կը յիշենք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրը», ըսաւ ան եւ նշեց, որ ասիկա առաջին կամ երկրորդ դէպքը չէ:
Յիշատակի արարողութեան աւարտին ներկաները երթով ուղղուեցան դէպի Արամի տուն` մոմավառութեամբ եւ «Վէրքերով լի» երգի հնչիւններուն ներքեւ յարգելով մեծ հայորդիին յիշատակը:
Լուսանկարը`
ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի





