Իսրայէլեան ուժերը երէկ շարունակեցին սահմանամերձ շրջանի իրենց դիրքերուն ամրապնդումը: Այս աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ անոնք Քֆարքիլայի հանդիպակաց շրջանին մէջ գտնուող Ատայսէի բարձունքներուն վրայ զետեղեցին երկաթեայ սիւներ, որոնք աւելի ուշ պատեցին փշաթելերով:
Այս աշխատանքը կատարուեցաւ իսրայէլացի մեծաթիւ զինուորներու ներկայութեան:
Անոնց դիմաց` լիբանանեան սահմաններուն հսկեցին լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ Կատի Այզընքոթ յայտնեց, որ այն յայտարարութիւնները, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ տակաւին կան գետնափոր փապուղիներ, որոնք իսրայէլեան ուժերուն կողմէ յայտարարուած «Հիւսիսի վահան» գործողութեան շրջագիծին մէջ չեն բացայայտուած, անճիշդ տեղեկութիւններ են:
Այզընքոթ շեշտեց, որ Հըզպալլա Սուրիոյ պատերազմին միջամտելով ունեցած է շուրջ երկու հազար զոհ` աւելցնելով, որ Հըզպալլա իր ուժէն շատ բան կորսնցուցած է Սուրիոյ պատերազմին մասնակցելով:



