Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յապաղած Գրութիւն

January 26, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ

Յակոբ Եափուճեանի հրաժեշտի իմ խօսքս օրին չկրցայ տեղ հասցնել:

Ընկերներէս ոմանք Յակոբին թաղման հանգամանօրէն դամբանական կարդացին, Վրէժ-Արմէնը զիս կանխեց ու կարողացաւ միտքերը ամփոփել եւ իր ընկերոջ մասին կարգին երկու խօսք համադրել:

Կը մտածեմ, որ կարգը իմս էր գրելու… պէ՛տք էր գրէի, բայց միտքերս կը պղտորէին…

Նախ` ո՞վ կրնար երեւակայել, որ Յակոբը այսքան կանուխ պիտի կորսնցնէինք: Կամքս յօժար, միտքս տկար` կը նահանջէր. չգրելով կարծես` կը մերժէի անոր մահը:

Ընդհանրապէս դամբանականները կը նկարագրեն անձին առաքինութիւնը, պարկեշտութիւնը,  գաղափարական անձնուիրութիւնն ու գործունէութիւնը:

Կրկնութիւննե՜ր, որոնց մասին կը մտածէի ընկերոջ մը մեկնումէն ետք, ի՞նչ օգուտ:

Բարկացած էի:

«Գնա՛ մեռիր, եկուր` սիրեմ»- ի զգացումներով պատուած էր հոգիս: Միայն կարճ խօսքով մը կրնամ վկայել, որ Յակոբը այդ սիրուած, պարկեշտ, անձնուէր անձն էր իր ընտանիքին մէջ, իսկ երիտասարդ տարիքէն ականաւոր դաշնակցական տիտաններու շունչին տակ թրծուած` դարձած էր դաշնակցական գաղափարականութեան հաւատարիմ ջատագովը: Այդ փորձառութիւնը եւ ապա պաշտօնները զինք զինած էին դատողական ձեռներէցութեամբ ու դիմադրականութեամբ:

Յակոբ ողջ արխիւ մըն էր 1960-ական տարիներու դաշնակցական գործունէութեան:

Վերջին տարիներուն Յակոբին մարմաջը ուղղուած էր Ճեմարանին: Յակոբին միութենական մտածելակերպը, գործելակերպը կը զանազանուէին գործնականութեամբ, կանխամտածողութեամբ եւ շինիչ առաջարկներու անծայրածիր շարանով մը: Յակոբին նշանաբանը «Որակ, որակ եւ միայն որակ» էր:

Յաճախ կը կրկնէր, որ հայ Ճեմարանի ապագայ ուսուցիչներու, տնօրէններու, միութենական ղեկավարներու պատրաստութեան հնոցը պէտք է ըլլայ արդիական, ինքնաբաւ մօտեցումով, որ  իր առաքելութեան բարձրագոյն մակարդակին վրայ մնայ:

Օրուան հետ քայլ պահելու համար պէտք էր բարելաւել, շարունակ բարելաւել ու չբաւարարուիլ:

Յակոբ յաճախ դատուեցաւ իբրեւ «պուրժուա»  համոզումներով անձ, բայց անոր  հեռատես հոտառութիւնը, առարկայական մօտեցումը անաչառ էին:

Սփիւռքի մէջ Ճեմարանը կը նկատէր արեւմտահայերէնի շարունակականութեան կարեւորագոյն փարոսը, որ պէտք էր անխտիր սփիւռքի ուշադրութեան, հոգատարութեան առարկան ըլլար:

Ան կը հաւատար, որ ուսման կողքին, Ճեմարանի առաջնորդներու դերն ու  շուքը, բակի մթնոլորտը,  ճեմարանական ըլլալու հպարտ զգացումի շարունակական ներարկումով է, որ նոր սերունդին  կը կարողանանք պատուաստել հայեցի դաստիարակութեան իսկական դիմագիծով:

Դէմք մը, ընկեր մը, որ տակաւին ըսելիք ունէր…  Անկեղծօրէն կը կարծեմ, որ այս մտահոգութիւնները հիւծեցին անոր հոգին: Անոր անակնկալ բացակայութիւնը մեծ բաց մը պիտի թողու մեր հաւաքականութեան մտածողութեան մէջ, միեւնոյն ժամանակ` կաթողիկոսարանի եւ Համազգայինի նիւթաբարոյական աշխատանքներուն, ան որ օգտակար, գործնական որոշումները պիտի շարունակուին օրինակ հանդիսանալ:

Ազգի օգտակար մոմ մըն ալ շիջեցաւ շա՛տ կանուխ:

 

 

 

Նախորդը

Դուք Չկաք, Բայց Ձեր Ոգին` Միշտ Ներկայ

Յաջորդը

Զրոյց` Հեռացած, Բայց Միշտ Հետս Եղող Եղբօրս Հետ

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.