ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Տարի մը առաջ կորսնցուցինք Յակոբ Եափուճեանը: Մեծ կորուստ մը:
Ինչո՞ւ այս կայծակնային արագութեամբ հարուածեց մահը Յակոբին:
Ինչո՞ւ այս սուր եւ անակնկալ յաւիտենական ճամբորդութիւնը:
Կարելի՞ է չափսոսալ կեանքի խաւարման այս իրականութեան համար:
Յաճախ կը դժուարանանք հասկնալ Աստուծոյ կամքը եւ անոր արդարութեան իմաստը, մասնաւորապէս երբ դէմ յանդիման գտնուինք անակնկալ, ցաւալի եւ դժուար կացութեան մը կամ պատահարի մը:
Ան մեկնեցաւ շատ կանուխ` խոր սուգի մէջ ձգելով իր ամբողջ շրջապատը:
Անողոք հիւանդութիւնը գաղտնօրէն կատարեց իր որոշումը:
Իմ ծանօթութիւնս իրեն հետ սկսաւ 1972-էն, երբ ինծի դիմած էր որոշ առողջական հարցով մը: Վիրաբուժական գործողութին մը պարտադիր էր: Կատարեցի այդ գործողութիւնը, եւ Յակոբը վերագտաւ իր առողջութիւնը: Այդ եղաւ մեր բարեկամութեան եւ ընկերութեան սկզբնաւորութիւնը: Յաճախ կը տեսնուէինք եւ կը զրուցէինք ընդհանրական հարցերու, կացութիւններու եւ երեւոյթներու ու մանաւանդ հայութիւնը յուզող հարցերու մասին: Մեր մտերմութիւնը աւելի զարգացաւ Համազգայինի շրջագիծին մէջ: Ես` իբրեւ Անթիլիասի համազգայնական, որպէս Անթիլիասի մասնաճիւղի ատենապետ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ կը հանդիպէինք եւ կը փոխանակէինք շինիչ խօսակցութիւններ: Մեր բարեկամութիւնը աւելի խորացաւ, երբ միասին գործեցինք Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան մէջ չորս տարիներ, որոնց ընթացքին ես իրապէս ճանչցայ Յակոբը իր ամբողջութեան մէջ:
Յակոբ ունէր յատկանշելի յատկութիւններ` բծախնդրութիւն, լրջութիւն, նախանձախնդրութիւն, շրջահայեացութիւն, անկեղծութիւն, համարձակութիւն, անշահախնդրութիւն, անկողմնակալութիւն:
Ան բացառիկ ժողովական մըն էր, ունէր ժողով վարելու յատուկ կարողութիւն: Կենսունակ ժողովական էր, արթուն ղեկավար: Իր կեցուածքներուն, դատողութիւններուն եւ որոշումներուն մէջ արդար էր: Յարգալից էր բոլոր ժողովականներու հանդէպ, մտիկ կ՛ընէր բոլորին կարծիքները: Իբրեւ ատենապետ` գիտակից էր իր պարտականութիւններուն: Կու գար յստակ բանաձեւումներով եւ իր առաջարկները կը ներկայացնէր առարկայական տուեալներով:
Ան կարգ ու կանոնի մարդ էր: Կը հաւատար գործի եւ ոչ թէ խօսքի, կը հաւատար հաւաքական աշխատանքի եւ գործի կարեւորութեան:
Իր մտասեւեռումն էր Համազգայինի ճեմարանի նիւթական առողջ տնտեսումը, կրթական մակարդակի բարելաւումը, ինչպէս նաեւ` Համազգայինի ֆոնտերու վերաշխուժացումն ու ամրապնդումը:
Մեծ ուրախութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ կը կարդայի դաշնակցական ղեկավարներու մասին իր գրած յօդուածները: Յաճախ կը հարցնէր. «Սիրելի՛ տոքթէօր, կ՛ուզեմ կարծիքդ առնել այսինչ յօդուածիս մասին»:
Վերջին տարիներուն Մոնրէալի մէջ մեր մտերմութիւնը գագաթնակէտին հասաւ: Մեր յաճախակի ընկերային եւ ընտանեկան հաւաքները առիթ կ՛ըլլային, որպէսզի սրտբաց խօսէինք եւ անդրադառնայինք` համահայկական հարցերու, մտահոգութիւններու, առողջ եւ վատառողջ երեւոյթներու, յաջողութիւններու ու ձախողութիւններու:
Այսպէս ճանչցայ Յակոբը:
Սիրելի՛ եւ անմոռանալի Յակոբ, իբրեւ ընկեր եւ բարեկամ` յետմահու կ՛ուզեմ զրոյց մը ունենալ քեզի հետ:
Քեզ ճանչցայ իբրեւ մտերիմ ընկեր, խոհեմ բարեկամ, ազնուական հոգի եւ միտք, որպէս պայծառամիտ եւ հանդարտաբարոյ հայ մարդ:
Առյաւէտ պիտի յիշեմ քու մտերմիկ եւ անկեղծ խօսակցութիւններդ:
Մահուանդ բօթը շուտով դարձաւ տխրութեան եւ վիշտի հեքիաթ ու դաժան իրականութիւն: Քու մահովդ հոգիս եղաւ թախծոտ ու մռայլ:
Շատ շուտ մեկնեցար, սիրելի՛ Յակոբ, արդէն կարօտցած եմ ընկերութիւնդ, անկեղծութիւնդ, հաճելի խօսքերդ ու մանաւանդ` մտածումներուդ եւ կեցուածքներուդ թափանցիկութիւնը:
Սիրելի՛ Յակոբ, վստահ եմ, որ դամբարանիդ մէջ հանգիստ ու խաղաղ կը ննջես եւ բանաստեղծին նման` սրտիդ խօսքը կ՛ուղղես մեզի եւ կ՛ըսես.
Մնաք բարով, ասում եմ ես, բոլոր մարդկանց` չար ու բարի,
Տանջուող ու որբ Ադամորդուն ասում եմ ես մնաս բարով:
Մնաք բարով, ասում եմ ես, ընկերներիս` մօտ ու հեռու,
Ոսոխներիս` չար ու արթուն, ասում եմ ես մնաք բարով:
Գնում եմ ես մի մութ աշխարհ, հեռու երկիր, էլ չեմ գալու,
Բարի յիշէք ինձ ձեր սրտում, մնաք բարով, մնաք բարով:
Այո՛ պիտի յիշենք քեզ շարունակ, սիրելի՛ Յակոբ: Յիշատակդ անխախտ պիտի մնայ հոգիիս եւ սրտիս մէջ: Առյաւէտ պիտի յիշեմ մտերմիկ եւ անկեղծ խօսակցութիւններդ: Բացակայութիւնդ կեանքիս մէջ պիտի դառնայ մորմոք ու ցաւ: Այո՛, բացակայութիւնդ կեանքիս մէջ պիտի ըլլայ շատ զգալի ու նկատելի, սակայն բազմատեսակ եւ անմոռանալի յիշատակներդ յիշողութեանս մէջ պիտի մնան անջնջելի:
Դիտէ զիս հոնկէ, ուր որ կը գտնուիս: Հետեւէ՛ քայլերուս եւ յաճախ խօսէ հետս, որպէսզի վերակենդանանայ մէջս շատ հաճելի անցեալի ներկայութիւնդ:
Հողը թեթեւ կշռէ մարմնիդ եւ հոգիիդ վրայ:
Թող աղօթքներս գուլայ-գուլայ բարձրանան եւ բալասան դառնան բիւրեղ հոգիիդ:


