Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ պաշտօնական մակարդակի վրայ արձանագրուած անցեալ շաբթուան գայթակղութիւնները բաւարար էին իմանալու, թէ լիբանանեան տագնապը ի՛նչ աստիճանի հասած է, եւ զգալու, որ այդ տագնապը կրնայ ամէն իմաստով բարդանալ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը հաստատեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է ըլլայ լիբանանեան պետութեան առաջնահերթութիւնը:
Պլոքը շեշտեց նաեւ, որ լիբանանեան գերիշխանութեան պահպանումը ազգային պարտականութիւն է, եւ բոլոր լիբանանցիները պատասխանատու են այդ պարտականութեան պաշտպանութեան:
Ինչ կը վերաբերի շրջանային իրադարձութիւններուն, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը ընդգծեց, որ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերուն հեռացումը համազօր է Սուրիան տապալելու իմաստով Միացեալ Նահանգներու ի գործ դրած միջազգային ճիգերուն եւ ռազմավարութեան ձախողութեան:



