
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ընկերակցութեան նախարար Ֆատի Ժեմայէլի եւ դիւանի անդամներուն, որոնց շարքին էր նաեւ Նազարէթ Սապունճեան:
Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ արտասանեց խօսք մը, որուն ընդմէջէն ան Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան անդամներուն ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց հանրապետութեան նախագահին:
Իր կարգին, նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային տնտեսութեան բարգաւաճումը նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ: «Նոր կազմուելիք Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ իրականացնելու համար այդ նպատակը», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ ճարտարարուեստի բոլոր հաստատութիւնները պէտք է ընդառաջեն եւ համագործակցին որդեգրուած այն միջոցառումներուն հետ, որոնց նպատակն է կասեցնել ապականումը եւ արդար կերպով ապականումէ պաշտպանել կենսոլորտը:
Նախագահ Աուն հաստատեց նաեւ, որ Լիբանան պիտի որդեգրէ «Մըքքենզի»-ի մշակած ծրագիրը, ինչպէս նաեւ պիտի ուղղուի որդեգրելու արտադրութիւններու վրայ հիմնուած տնտեսութիւնը, որ յաւելեալ արագութեամբ պիտի բարգաւաճեցնէ երկրին տնտեսութիւնը:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Նասիպի անցքի բացման կարեւորութեան` նկատի ունենալով լիբանանեան տնտեսութեան վրայ անոր ունեցած դրական ազդեցութիւնը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Սանճիվ Արորա, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց Լիբանանը երկխօսութեան մարդկային ակադեմիայի կեդրոնին վերածելու ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ անոր իրագործելիք նպատակները:


