Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխըմբռնման Յուշագիր` Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկ»-ին Եւ Քանատայի Մարդու Իրաւունքներու Թանգարանին Միջեւ

December 13, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամը եւ Քանատայի մարդու իրաւունքներու թանգարանը (ՔՄԻԹ) փոխըմբռնման նոր յուշագիրով կը վերաթարմացնեն համագործակցութիւնը:

«Յուշագիրի ստորագրութենէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան ըսաւ, թէ Քանատայի մարդու իրաւունքներու թանգարանը շատ կարեւոր գործ կ՛իրականացնէ, եւ նման թանգարան ամէն տեղ չես գտներ: «Այդ թանգարանին մէջ ներկայացուած են մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտման դէպքեր` ցեղասպանութիւններու տեսքով: Մենք պիտի փորձենք երկու կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը դնել իրական գիծի վրայ` զայն դարձնելով աւելի արդիւնաւէտ եւ երկկողմանիօրէն օգտակար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նման յուշագիր արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով կը կնքուի:

Քանատայի մարդու իրաւունքներու թանգարանի նախագահ Ճոն Եանկ ուրախութեամբ նշեց, որ երկու կառոյցները պիտի շարունակեն  համագործակցութիւնը: «Այս յուշագիրը առիթ պիտի տայ մէկտեղելու մեր ջանքերն ու շարունակելու համագործակցիլ տարբեր ոլորտներու մէջ` կրթական, հասարակական, որոնք միշտ թարմացուելու կարիք ունին», ըսաւ ան:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հինարկի գիտութեան գծով փոխտնօրէն Էդիտա Գզոյեան իր կարգին ըսաւ, որ յուշագիրը նպատակ ունի նախ` երկու կառոյցներուն միջեւ ցուցադրութիւններու փոխանակում, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ միւս ցեղասպանութիւններու մասին որոշ նիւթերու տրամադրում: «Քանատայի մարդու իրաւունքներու թանգարանը ունի շարք մը կրթական ծրագիրներ, եւ քանի որ մենք նոյնպէս մեծ դեր կը յատկացնենք կրթութեան` վաղ դպրոցական տարիքէն, անոնց փորձը մեզի եւս պիտի օգնէ: Երրորդ ուղղութիւնն ալ, որ նախապէս իրականացուցած ենք մեր գործընկերներուն հետ, գիտաշխատողներու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնումն է», ըսաւ ան:

Փոխըմբռնման յուշագիրը ուժի մէջ պիտի մտնէ անոր ստորագրութենէն սկսեալ` հինգ տարի ժամկէտով:

Քանատայի մարդու իրաւունքներու թանգարանի պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին սուրբ նահատակներու յիշատակը:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամը Ֆրանսայի Մէջ Արժանացած Է «Մետիայի Մարդ» Կոչման

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.