Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան արժանացած է տարուան «Մետիայի մարդ» կոչման:
«Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշած է, որ ինք հիմնադրած է «MediaSchool» ընկերութիւնը, որ տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած է 30 մասնաւոր համալսարաններէ: Անիկա ունի 5000 ուսանող Ֆրանսայի 7 մեծ քաղաքներու, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի, Պարսելոնայի եւ Պրիւքսելի մէջ:
«Հպարտ եմ եւ զգացուած «Մետիայի մարդ» կոչման արժանանալու համար: Շնորհակալ եմ նաեւ խումբերուն, առանց որոնց` անհնար պիտի ըլլար անիկա», նշած է Մուրատ Փափազեան:



