Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Եւ Բրիտանիոյ Անդրադարձները. Իրան Կ՛ողջունէ Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Եւ Յարաբերութիւններու Ընդլայնման Յոյս Կը Յայտնէ

December 13, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Ղասեմի ողջունած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները` յոյս յայտնելով, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի պիտի խորանան: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:

Քասեմի ողջունած է Հայաստանի մէջ կայացած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները` զանոնք նկատելով դրացի երկրին մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական փոփոխութիւններու միտում:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք հայ-իրանեան յարաբերութիւնները աւելի կ՛ընդլայնին:

Ղասեմի շեշտելով, որ դրացիներու հետ յարաբերութիւնները իւրայատուկ տեղ ունին Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ անոնք որոշիչ նշանակութիւն ունին շրջանի բոլոր երկիրներու կայունութեան, բարգաւաճման եւ անվտանգութեան համար, նկատած է, որ Իրանի եւ բոլոր դրացիներուն միջեւ հաստատուած են մշակութային եւ պատմական խոր կապեր, որոնք մեծ նշանակութիւն ունին Իրանի համար:

Բրիտանիան Կ՛ողջունէ Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Եւրոպայի հարցերով նախարար սըր Ալան Տանքըն ողջունած է Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատունէն: Բրիտանիա կ՛ողջունէ միջազգային դիտորդական առաքելութեան նախնական եզրակացութիւնը, ըստ որուն` 9 դեկտեմբեր 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները Հայաստանի մէջ «տեղի ունեցած են հիմնարար ազատութիւններու պահպանութեամբ եւ ունեցած են հանրութեան լայն շրջանակներու վստահութիւնը»: Բրիտանիոյ  կառավարութիւնը ուրախ է, որ սատարած է այս ընտրութիւններու  նախապատրաստական աշխատանքներուն` ֆինանսապէս աջակցելով «Հայաստանի մէջ ընտրական գործընթացներու աջակցութիւն»  ծրագիրին: Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար սըր Ալան Տանքըն ըսած է. «Այս ընտրութիւնները Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման նոր կարեւոր փուլ կը յատկանշեն: Ես կը շնորհաւորեմ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Իմ քայլը» դաշինքին տպաւորիչ յաղթանակը, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողով անցած միւս կուսակցութիւնները: Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կ՛ակնկալէ սերտօրէն գործակցիլ Հայաստանի նոր կառավարութեան եւ խորհրդարանին հետ` աջակցելով ժողովրդավարական կառոյցներու  հետագայ ամրապնդման եւ քաղաքական ու տնտեսական յաւակնոտ բարեփոխումներուն` ի նպաստ հայ ժողովուրդին»:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամը Ֆրանսայի Մէջ Արժանացած Է «Մետիայի Մարդ» Կոչման

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Դեռ Բաւական Ճամբայ Կայ Ժողովրդավարական Ընտրութիւններու Հասնելու»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.