Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց «Սիւննի Խորհրդակցական Հանդիպում» Պլոքը Եւ Թայմուր Ժոմպլաթը

December 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց «Սիւննի խորհրդակցական հանդիպում» պլոքի երեսփոխանները:

Երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ հանդիպումէն ետք ըսաւ. «կ՛ողջունենք նախագահ Աունի ճիգերը: Անոր նախաձեռնութիւնը կը շարունակուի, եւ մենք կը շարունակենք կառչած մնալ կառավարութեան մէջ նախարարով մը ներկայացուելու մեր իրաւունքին»:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթը, որուն կ՛ընկերակցէին երեսփոխան Հատի Ապու Հասան եւ երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի խորհրդատու Հուսամ Հարպ: Քննարկուեցաւ երկրին ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Ժոմպլաթ կարեւոր նկատեց «նախագահ Աունի ջանքերը` լուծելու կառավարութեան կազմութեան հարցը, որ կը նկատուի անհրաժեշտ կարիք որեւէ ժամանակէ աւելի»` շեշտելով, որ ինք ունի դրական յարաբերութիւն նախագահ Աունի հետ եւ կը յուսայ, որ ատիկա կ՛ամրապնդուի եւ կը զարգանայ:

Թայմուր Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք առաջնահերթութիւնը պէտք է տրուի տնտեսական հարցին` նշելով, որ այս դիրքորոշումը կը համընկնի նախագահ Աունի պատրաստակամութեան հետ` շտապ ձեւով լուծելու տնտեսական տագնապը: Ան յիշեցուց այն առաջարկը, որ ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը ներկայացուցած են այս մարզին մէջ` աւելցնելով, որ իրենք այդ առաջարկը ատիկա կը քննարկեն տարբեր քաղաքական ուժերու հետ:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Կը Յուսամ, Որ Հանրապետութեան Նախագահին Խորհրդակցութիւնները Կ՛աւարտին Կառավարութեան Կազմութեամբ»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.