Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն

November 29, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դէմ յանդիման կը գտնուինք մեր երկրի ու Ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն հանգրուանը ուղենշող Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն, որոնք առաջինն են Հայաստանի մէջ խորհրդարանական վարչակարգի հաստատումէն ետք:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը, պատմական պահու պատասխանատուութեան գիտակից, ընտրութիւններուն կը մասնակցի ամբողջ ներուժով, հակառակ ընտրութիւններու թուականին եւ նախընտրական մթնոլորտին կապուած իր լուրջ վերապահութիւններուն:

Իբրեւ քաղաքական ինքնուրոյն ուժ, Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններուն կը մասնակցի առանձին, գլխաւոր զրահ ունենալով նախընտրական իր ծրագիրը, որ խարսխուած է բարոյականութեան եւ արդարութեան սկզբունքներու վրայ, ազգային արժէքներու պահպանման եւ ընկերային արդարութեան պաշտպանութեան նախանձախնդրութեամբ:

Արդարեւ, Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ  Մայիսեան ժողովրդային շարժումը շատ բան փոխած է մեր կեանքին մէջ: Անցեալի էջը փակուած է ընդմիշտ եւ մեր ժողովուրդը, Սփիւռք թէ Հայաստան, յուսալից է, որ գալիք Ազգային Ժողովը նոր մղում պիտի տայ Հայաստանի ժողովրդավարականացման ընթացքին, փտածութեան եւ մենաշնորհներու դէմ պայքարին, օրէնքի եւ արդարութեան պետութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ` հայրենիք-Սփիւռք կապերու յաւելեալ սերտացման:

Իբրեւ ազգային, ժողովրդավար, ընկերվարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն, Դաշնակցութիւնը վաղուան Հայաստանի իր պատկերացումները եւ զանոնք իրականացնելու միջոցները բանաձեւած է նախընտրական իր ծրագիրով, որ յստակ, գործնական ու տրամաբանական առաջարկներով կը ճշդէ արդիւնաւէտ եւ լայնածիր բարեփոխումներով հզօր եւ արդար հայրենիք ունենալու, Արցախը ապահով ու բարգաւաճ տեսնելու համազգային պահանջը, որուն կենսագործման առաջին քայլերը կը սկսին այս ընտրութիւններուն մեր ժողովուրդին մեծաթիւ մասնակցութեամբ եւ կուսակցութեան թեկնածուներուն անվերապահ  աջակցութեամբ:

Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ 9 Դեկտեմբերի ընտրութիւնները պիտի հունաւորեն մեր երկրի զարգացման ապագան եւ Արցախի հարցին լուծման ճակատագիրը, որ է եւ կը մնայ անբաժանելի մէկ մասնիկը Հայկական Հարցին եւ Հայ Դատին:

Առ այդ, նկատի ունենալով արտահերթ այս ընտրութիւններուն կենսական նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի աշխատանքներուն եւ իր կարողութիւններն ու կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէ հայրենի մեր կազմակերպութեան ընտրական աշխատանքներուն յաջողութեան:

Միաժամանակ, Կեդրոնական Կոմիտէն կոչ կ’ուղղէ հայրենի հայութեան ընդհանրապէս եւ Հայաստան հաստատուած լիբանանահայերուն յատկապէս, 9 Դեկտեմբերին անվերապահօրէն մասնակցելու Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն եւ քուէարկելու «հողին ու հային» հաւատարիմ կուսակցութեան` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, ի խնդիր ազատ մարդու, պատասխանատու պետութեան եւ հզօր հայրենիքի կերտման մեծ տեսլականին իրականացման:

  ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Նախորդը

Առաջնորդական Պատգամ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 2018-ի Դրամահաւաքին Առիթով

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը Կը Յայտարարէ. Թրքական Բանակը Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանին Մէջ Պիտի Օգտագործէ «Ինքնապաշտպանութեան Իր Իրաւունքը»

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.