Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Մտահոգ Է Քերչի Նեղուցին Մէջ Տեղի Ունեցած Միջադէպին Առնչութեամբ

November 27, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգարա մտահոգ է Ազովի ծովուն մէջ տեղի ունեցած միջադէպին առնչութեամբ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Թուրքիան կը հետեւի Ազովի ծովուն եւ Քերչի նեղուցին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն ու աճող լարուածութեան: «Մենք մտահոգ ենք այս հատուածին մէջ ուքրանական նաւերուն ուղղութեամբ բացուած կրակին եւ միջադէպին պատճառով վիրաւորներու գոյութեան մասին լուրերու առնչութեամբ: Իբրեւ սեւծովեան երկիր, կ՛ընդգծենք` Քերչի նեղուցէն անցումը պէտք չէ խոչընդոտուի», ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիան կողմերուն կոչ ուղղած է խուսափելու շրջանային խաղաղութիւնն ու բարօրութիւնը վտանգող քայլերէ, հաւատարիմ մնալու միջազգային իրաւական արժեչափերուն, ցուցաբերելու ողջմտութիւն եւ զսպուածութիւն, կանխարգիլելու լարուածութեան աճը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուքրանիան ամբաստանեց Քերչի նեղուցին մէջ «վտանգաւոր» քայլեր կատարելու յանցանքով:

Լաւրով յայտնեց, որ Ուքրանիան «ծովային այդ անցքին մէջ նաւերու բնական անցումին սպառնացող եւ վտանգող վտանգաւոր քայլերով» խախտեց միջազգային օրէնքը»` աւելցնելով, որ ատիկա «բացայայտ սադրանք մըն է»:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք դատապարտեց Ռուսիոյ կողմէ ուժի կիրարկումը:

Քիեւի, Լվովի Եւ Խարքովի Մէջ Ռուսիոյ Դիւանագիտական
Ներկայացուցչութիւններուն Մօտ Բողոքի Ցոյցեր

Ռուսական «Առ.Պի.Սի.» կայքը կը հաղորդէ, որ Քիեւի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան շէնքին մօտ տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց` Ազովի ծովուն մէջ Ռուսիոյ «յարձակողապաշտ գործողութիւններուն» դէմ:

Յայտնենք, որ 25 նոյեմբերի առաւօտեան Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութիւնը հաղորդած էր, որ Ուքրանիոյ ծովուժին պատկանող նաւեր ռուսական ջրային սահմանը խախտած են: Երեք ուքրանական նաւ ուղղուած են դէպի Քերչի նեղուց` առանց նախապէս նաւերու անցման համար համապատասխան դիմում ներկայացնելու: Այս պատճառով ռուսական կողմը բեռնանաւերով փակած է նեղուցը: Բացի ատկէ, ռուսական եզերապահ նաւ մը վնասած է ուքրանական քարշակին, որ կը հետեւէր նաւերու խումբին: Այնուհետեւ Ռուսիան Ուքրանիոյ ծովուժի գործողութիւններուն պատճառով «Սու-25» օդանաւերը հերթապահութեան ուղարկած է Քերչի նեղուցի շրջանին մէջ:

Քիեւ Մոսկուան մեղադրած է բացայայտ յարձակողական գործողութիւններ կատարելու համար: Քիեւ նաեւ յայտնած է Ռուսիոյ կողմէ իր նաւերուն ուղղութեամբ կրակ բանալու եւ նաւերը գրաւելու մասին: Ուքրանիոյ ծովուժին փոխանցումով` ռուս սահմանապահները նաւերը կանգնեցուցած են զէնքի ուժով: Այդ պատճառով վիրաւորուած են ուքրանացի 6 զինուորներ:

Քիեւի մէջ ցուցարարները անիւներ բերած են Ռուսիոյ դեսպանատան դռներուն մօտ: Ապա ցուցարարները սկսած են ծուխի ռումբեր նետել շէնքին վրայ: Բացի ատկէ, դեսպանատունէն ոչ հեռու դիւանագիտական թիւով ինքնաշարժ մը հրկիզուած է:

Բողոքի նոյնպիսի ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Լվովի եւ Խարքովի մէջ Ռուսիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մօտ:

 

Նախորդը

Առաջնորդ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Այցելեց Թրիփոլի

Յաջորդը

Իրանը Հարուածած Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը Կը Բարձրանայ

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.